- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ Լոնտոնի մէջ ներկայ եղած է իր ընտրապայքարին զօրակցող հանրահաւաքի մը, որուն մասնակցած են քիւրտեր եւ թուրքեր։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Ակօս»ի աշխատակից Թովմաս Թէրզիեան, լուսարձակի տակ կ'առնէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհիի՝ տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի կենսագրութիւնը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր պատուական տոքթորի կոչում ստացաւ Պողազիչի համալսարանին կողմէ: Տիտղոսի տուչութեան հանդիսութիւնը կայացաւ համալսարանի Ալպէրթ Լոնկ հանդիսասրահին մէջ, ուր տեսուչ փրոֆ. Կիւլայ Պարպարոսօղլու Արա Կիւլէրի յանձնեց տոքթորի վերարկուն ու տիտղոսով վաւերագիրը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր հետախոյզներուն կողմէ կատարուած վայրագութիւնները՝ յայտարարելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանին մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի հետախոյզները «ոչ մէկ ապօրինի բան կատարած են»:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, որ կ'արձագանգէ Կարսի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային տնօրէն Հաքան Տողանայի կողմէ Անիի աւերակներուն մասին տրուած տեղեկութիւններուն, կը հաղորդէ, թէ Անի այցելողներու թիւը զգալիօրէն կը բարձրանայ տարուէ տարի։