Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ելոյթ ունեցած է, վեցամսեայ նստաշրջանի համար նախագահող երկրի որպէս ներկայացուցիչ:
Ան, ըստ իր սովորութեան՝ դատապարտած է Հայաստանը եւ Արցախի մէջ «ազերիական գրաւուած հողերու» մասին խօսած է: Այսուհանդերձ, իր ելոյթը բողոքի
արտայայտութիւններով ընդհատուած է, երբ խումբ մը ատրպէյճանցի քաղաքական փախստականներ մուտք գործած են դահլիճէն ներս եւ բողոքած Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ խօսքի ազատութեան կաշկանդումներուն դէմ: Անոնք իրենց բերանները սեւ կտորով կապած էին եւ հագուած էին շապիկներ, ուր տպուած էին քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարները:
Իլհամ Ալիեւ իր ելոյթին ընթացքին կը պնդէր թէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուած է ...Ատրպէյճանի տարածքներու վրայ, ապա ըսած է. «Ձեր ինչի՞ն պէտք է հայկական երկրորդ պետութիւնը: Մի՞թէ ձեզ չի բաւարարեր մէկը: Ի վերջոյ, այդ պիտի բերէ աղէտ եւ փլուզում»: Իր ելոյթի աւարտին իրեն հարցումներ ուղղած են ներկայ եղող եւրոխորհրդարանականները. հարցումները կը վերաբերէին քաղաքական բանտարկեալներու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւններուն, հաւաքներու սահմանափակման, խօսքի ազատութեան դէմ առնուած ճնշիչ քայլերուն: Ալիեւը փորձած է հակադարձել եւ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ իրենց մասնագիտական գործունէութեան համար ձերբակալուած լրագրողներ չկան: Իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսի ձերբակալութեան դրդապատճառի մասին հարցումին, Ալիեւ պատասխանած է թէ ան կÿուզէր փախչիլ, եւ իր դէմ համապատասխան միջոցներ կիրառուած են: Ան նաեւ մատը թափ տալով բրիտանացի պատգամաւորին դէմ, ըսած է որ սուտ կը խօսի, երբ նախագահի ընտրութիւններու կեղծման պարագաներու մասին հարցում կÿուղղէ...
Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով:
Նշենք, թէ ԵԽԽՎ-ի մօտ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը փորձած է բանաձեւի նախագիծ մը յառաջ քշել, ուր խօսք կÿըլլար հայկական ուժերու կողմէ ատրպէյճանական տարածքներու գրաւման մասին: Հոն առաջարկ կար, որպէսզի հայկական պատուիրակութիւնը զրկուի իր ձայնի իրաւունքէն: Այսուհանդերձ, այս նախաձեռնութիւնը տապալեցաւ եւ անոր փոխարէն ընդունուեցաւ Ատրպէյճանը դատապարտող բանաձեւ, 37 կողմ եւ 32 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, ուր անդրադարձ կար Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ խօսքի ազատութեան պայմաններուն:
Եւրոպացի պատգամաւորները մատնանշած են նաեւ կիներու հաւասարութեան թեմաներ, նշելով թէ Ատրպէյճանի մէջ հաւասարութեան ցուցանիշը՝ սարսափելի է: Ալիեւ դարձեալ հակադարձած է թէ՝ «միգուցէ այդպէս է ձեր երկիրներուն մէջ: Մարդոց իրաւունքներու եւ ա-զատութիւններու վիճակը մեր երկրէն ներս չի տարբերիր ձեր երկիրներու իրավիճակէն»: