Ամբողջ Գիւղը Ծուխի Մէջ Էր

Ատրպէյճանական կողմի ռմբակոծութեան պատճառով շաբաթավերջին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չէզոք հատուածին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Իսմայիլ Պեշիքճի» հիմնարկին մէջ կազմակերպուեցաւ աշխատաժողով մը, որ նուիրուած էր պատմաբան Նամըք Տինչի ղեկավարութեան ներքեւ պատրաստուած ծրագիրի մը, որ կը կոչուի «1915՝ Տիարպաքըր (Տիգրանակերտ) եւ Քիւրտերը»։

«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Գումգափու թաղամասին մէջ Հայաստանի քաղաքացիի սպանութենէն ետք կատարուած ոստիկանական գործողութիւնը՝ թաղամասի հայաստանցի գաղթականներու շրջանակին մէջ մտահոգութեան առիթ դարձած է:

Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ մօտիկ ապագային երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերու, ներքին գործոց նախարարութեան զօրքերու եւ պետական սահմանապահ ծառայութեան մասնակցութեամբ լայնածաւալ ռազմափորձեր տեղի պիտի ունենան:

Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ էր, աւելի ճիշդ փաստեր գոյութիւն ունէին, որ Թուրքիա ուղղակի կ'աջակցի Սուրիոյ ճիհատականներուն, զէնք զինամթերք կը մատակարարէ, իր սահմանները անոնց առջեւ կը բանայ որպէսզի դիւրութեամբ Սուրիա մուտք գործեն ու ելլեն, վիրաւոր զինեալները կը բուժէ եւլն., եւլն.: