«Ի՞նչ սահմաններով Հայաստան պիտի միանայ Եւրասիական միութեան» հարցումին, Միութեան հիմնադիր անդամ երեք երկիրներէն միայն Ռուսիան չէր պատասխանած: Լաւրով Պաքուի մէջ լրացուցած է այս բացը:

«Հայաստան արդէն իսկ յայտարարած է, որ նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակեպութեան պիտի միանայ՝ ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով եւ ուրիշ սահմաններու հանդէպ որեւէ յաւակնութիւն չունի: Նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան պարագային», ըսած է Լաւրով:


ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Յունիս 22-23 Հայաստան կատարելիք այցելութենէն առաջ մեկնած է Պաքու, ուր յայտարարած է, որ Հայաստան Եւրասիական միութեան պիտի միանայ՝ ՄԱԿի ճանչցած սահմաններով:
«Ի՞նչ սահմաններով Հայաստան պիտի միանայ Եւրասիական միութեան» հարցումին, Միութեան հիմնադիր անդամ երեք երկիրներէն միայն Ռուսիան չէր պատասխանած: Լաւրով Պաքուի մէջ լրացուցած է այս բացը: Հայաստան արդէն իսկ յայտարարած է, որ նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակեպութեան պիտի միանայ՝ ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով եւ ուրիշ սահմաններու հանդէպ որեւէ յաւակնութիւն չունի: Նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան պարագային», յայտարարած է Լաւրով:
Այս խնդիրին վերաբերեալ, վերջերս իր դիրքորոշումը յայտնած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն կարծիքով՝ Ղարաբաղի խնդիրը Մաքսային միութեան միջոցաւ չէ որ պիտի լուծուի: Նախագահ Սարգսեան Ծաղկաձորի մէջ երիտասարդ հանրապետականներու հետ հանդիպման ընթացքին հարց տուած էր, թէ՝ «Իսկ ո՞վ է ասել, որ մենք Ղարաբաղով ենք մտնելու Մաքսային միութիւն»: «Այդպիսի բան չի եղել եւ չի էլ կարող լինել, որովհետեւ Ղարաբաղը գոնէ մեր օրէնսդրութեամբ, գոնէ մեր պատկերացումներով՝ այսօր Հայաստանի մաս չի կազմում: Իսկ որ Մաքսային միութեանն անդամակցելը նպաստում է Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծմանը՝ սա միանշանակ է», յայտնած էր Սարգսեան:
Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ համատեղ ասուլիսի մը ընթացքին, Լաւրով պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի այն դիտարկման, որ եթէ Ատրպէյճանը հրաւիրեն Եւրասիական միութիւն, ապա անոր դրական պատասխանին պարագային ի՞նչ լուծում կ՛ունենայ Ղարաբաղի խնդիրը՝ յայտնեց, որ Ղարաբաղի խնդիրը առնչութիւն չունի եւրասիական տնտեսական միաւորման գործընթացներուն հետ: Այդ գործընթացները, ըստ Լաւրովի՝ կ՛իրականացուին Մաքսային միութեան պետութիւններու տարածքներուն վրայ: «Ղարաբաղը այդպիսի պետութիւն չէ, այլ միջազգային բանակցութիւններու առարկայ է, իսկ բանակցութիւններ կ՛ընթանան շարք մը պետութիւններու կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքներու հիմամբ»: