Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ պատասխանած է, Պոլսոյ անկախ երեսփոխան Իհսան Պարութճուի գրաւոր հարցումին, որ կը վերաբերէր 1915ի դէպքերու «հայկական պնդումներուն» դէմ նախապատրաստական աշխատանքին:

Տաւութօղլու դիտել տուած է, թէ 1915ի դէպքերու կապակցութեամբ՝ շարունակ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ինչպէս եւ այլ մարմիններու շահագրգիռ անդամներու: Այս տեղեկութիւնները կը տրուին արտաքին գործոց նախարարութեան շրջագծէն ներս գործող Դիւանագիտական Ակադեմիայի միջնորդութեամբ: Նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի նաեւ «Պետական Յանձնախումբի» գործունէութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տակ հիմնուած էր 2011ին եւ կը գործէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենուրեք տարածելու նպատակով:
Տաւութօղլու անգամ մը եւս շեշտեց, թէ այս նպատակով պէտք կայ ռազմավարութեան մը, որ Դիւանագիտական շրջագծէն մինչեւ իրաւական շրջագիծ, ժողովրդական դիւանագիտութենէն մինչեւ ակադեմական դիւանագիտութիւն, թրքական սփիւռքն ալ ներառեալ, պիտի գործադրուի ներդաշնակ ու համընթաց աշխատանքով:
Տաւութօղլու յիշեցուց որ զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան բանաձեւերը պարտաւորիչ հանգամանք չունին Թուրքիոյ համար, այնուհանդերձ՝ նախարարութիւնը ամէն աշխատանք կը տանի այս ճանաչումները կանխարգիլելու համար: Նախարարը յիշեցուց նաեւ, որ վարչապետ Էրտողանի կողմէ 23 Ապրիլին արտասանուած ցաւակցական պատգամն ալ նոյն ռազմավարութիւնը կը ցոլացնէ.«Այս պատգամը, փոխանակ պատմութենէն թշնամութիւն ձեռք բերելու, զգացումները իրարու հետ բաժնելու եւ մարդասիրական կեցուածք ցուցաբերելու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր եւ կը ցոլացնէր ուրիշին տառապանքը մորթին վրայ զգալու հրամայականը»:
Այնուհանդերձ, վարչապետ Էրտողան նոյն պատգամին մէջ վերանորոգած էր պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմելու Թուրքիոյ առաջարկը:
Տաւութօղլու վերջը ըսաւ, որ 1915ի պատահարներուն մասին ամբողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած տեսութիւն մը չկայ եւ միջազգային ոչ մէկ դատարան մինչեւ այսօր 1915ը որակած է ցեղասպանութիւն: