Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը աննախընթաց ձեռնարկ մը իրագործելու ուղղութեամբ խիզախ քայլ մը առած է:

ՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ, Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզի դատավարութիւնը կը շարունակուի:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, Պոլոյ Հայոց պատրիարքարանի կարգադրութեամբ, Գումգաբուի «Արթին Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Հայաստանի «Սիվիլիթաս» հիմնարկի հիմնադիր եւ երեսփոխան Վարդան Ոսկանեանի նորատիպ գիրքի ծանօթացման ընդունելութիւնը։

«Ի՞նչ սահմաններով Հայաստան պիտի միանայ Եւրասիական միութեան» հարցումին, Միութեան հիմնադիր անդամ երեք երկիրներէն միայն Ռուսիան չէր պատասխանած: Լաւրով Պաքուի մէջ լրացուցած է այս բացը:

Ըստ Թուրք  Երեսփոխանի Մը

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Մեհմետ Ալի Էտիպօղլու յայտնած է,