Թուրք յայտնի երգչուհի Սեզէն Աքսուն Գերմանիոյ Միւնխեն քաղաքի մէջ համերգի ժամանակ կատարած է հայերէն, քըրտերէն եւ թրքերէն երգեր: Այս մասին կը յայտնէ Թրքական T24.com կայքը։

Իրենց ճարտարապետական շնորհով ու գիտութեամբ, Պոլսոյ քաղաքին բազմաթիւ կոթողներ ժառանգած Պալեան գերդաստանի գեղեցիկ գործերէն Օրթագիւղի Մէճիտիէ մզկիթը՝ երեք տարուայ նորոգութենէ ետք կը վերաբացուի:

Լրագրող վերլուծաբան Հայկանուշ Ալոյեան «Մետիամաքս» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «2015 թուականին կ'ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակը։ Թէ՛ հայկական, թէ՛ յատկապէս թրքական կողմը հանգամանօրէն կը պատրաստուին 2015-ին։

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Էրօ Հայնալուօմա անցեալ շաբաթավերջին Անգարա այցելած էր հանդիպումներ ունենալու համար Թուրքիոյ խորհրդարանական շրջանակներուն հետ։

«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին միջազգային կոմիտէ»ի անդամները, Թորւքիոյ մէջ բանտարկուած հայ լեզուաբանին ազատ արձակելու համար իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած են, անյապաղ գործի անցնելու եւ Սեւան Նշանեանի ազատ արձակումը յաջողցնելու կապակցութեամբ: