- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Օսմանեան արխիւներուն մէջ տարբեր անուններով յիշատակուած Պուրսայի Մետաքսագործներու թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին հայերու հեռանալէն յետոյ վերածուած է դպրոցի: Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու ընթացքին պարզուած է, որ այս թաղամասը լի է հայերու մասին անհետացած պատմութիւններով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան, որ Տիգրանակերտ գացած էր նախագահելու համար Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Յունիսի վերջաւորութեան մատուցուած Ս. պատարագին, յաջորդ օր հանդիպում մը ունեցած է Տիգրանակերտի կուսակալ Մուսթաֆա
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներուն մէջ թրքական լոպպիստական կազմակերպութիւնները ծրագիր մշակած են 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ակնկալուող քայլերուն հակազդելու նպատակով:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Tert.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի՝ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հրահանգին մասին տարածուած լուրին արձագանգած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահական թեկնածու, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է շարունակել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ այս ուղղութեամբ կատարել երկրորդ քայլը՝ բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: