Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախկին տնօրէն եւ այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ վերջերս պնդած էր, որ եթէ քիչ մը եւս մնար նախկին պաշտօնին վրայ, ապա Հայկական հարցը լուծած պիտի ըլլար,

եւ թէ՝ ամերիկացիներուն դրդումով զինք հեռացուցած են այդ պաշտօնէն, նոր յօդուած մը հրատարակած է «Ատանա Փրես» կայքին վրայ, ուր կը պնդէ, որ ոչ միայն քրտական դատի գործիչներէն Սըրրը Սաքըք հայ է, այլեւ՝ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն 80 տոկոսը: «Անոնք թրքական անուններ եւ մասնաւորաբար թրքական մականուններ առնելով՝ իրենք զիրենք թաքցուցած են», կը գրէ ան:

Իր ըսածը փաստելու համար Հալաճօղլու կու տայ անոնց մեծ հայրերուն կամ մեծ մայրերուն անունները, որոնք հայկական անուններ են: Ան կը կրկնէ, որ կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը եւս հայ է եւ բուն անունով կը կոչուի Արթին Յակոբեան: Իսկ Շեմտին Սաքըք, որուն ծածկանունն է «Փարմաքսըզ Զեքի», նմանապէս հայ է եւ ընդունած է, որ իր մեծ մայրը հայ է: Կուսակցութեան համանախագահ Էմինէ Այնա եւս զտարիւն հայ մըն է՝ ըստ Հալաճօղլուի:
Հալաճօղլու կը շարէ մօտաւորապէս 50 անուններ, տալով անոնց մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն անունները, ջանալով փաստել, որ քրտական շարժումը իրականութեան մէջ հայկական ծագում ունեցողներու կողմէ գործադրուող շարժում մըն է:
Բայց անշուշտ չենք գիտեր, թէ որքանո՛վ ճիշդ են այս բոլորը:
Այս ծիծաղաշարժ պնդումները եկած են փրոֆեսէօրի կոչում ունեցող անձի մը կողմէ... որ կը պնդէ, թէ երկար աշխատանք տարած է այս գետնին վրայ: