Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ մօտիկ ապագային երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերու, ներքին գործոց նախարարութեան զօրքերու եւ պետական սահմանապահ ծառայութեան մասնակցութեամբ լայնածաւալ ռազմափորձեր տեղի պիտի ունենան:
Նախարարը կը յայտնէ, որ ըստ մարտական պատրաստուածութեան ծրագիրին, ռազմափորձեր արդէն կատարած են սահմանային զօրամասերու, Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան զօրքերը:
Ռազմափորձերուն ընթացքին ստուգուած են մարտական պատրաստուածութիւնը, մարտական սարքեր կիրարկելու կարելիութիւնները: Յատկապէս ուշադրութիւն դարձուած է միացեալ գործողութիւններու իրականացման՝ մարտական գործողութիւններու տարբեր փուլերուն մէջ: