Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ էր, աւելի ճիշդ փաստեր գոյութիւն ունէին, որ Թուրքիա ուղղակի կ'աջակցի Սուրիոյ ճիհատականներուն, զէնք զինամթերք կը մատակարարէ, իր սահմանները անոնց առջեւ կը բանայ որպէսզի դիւրութեամբ Սուրիա մուտք գործեն ու ելլեն, վիրաւոր զինեալները կը բուժէ եւլն., եւլն.:

Ալ-Նուսրայի զինեալներու կողմէ Քեսապի գրաւման առթիւ, արդէն լայնօրէն առիթը ունեցանք այս բոլորը հաստատելու: Իսկ հիմա թրքական մամուլին իսկ հաւաստումով, կը պարզուի, թէ Թուրքիա ճիհատական պատրաստող կամ մատակարարող գլխաւոր ակերէն է: 

Այս նիւթին մասին, թրքական «Haberturk» առցանց թերթը թէեւ ամփոփ բայց բաւական խօսուն փաստերով թըղթածրար մը հրապարակած է:
Լրատուութեան մէջ կ'ըսուի, թէ Պոլիսը առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը հասնի «Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան (ՏԱՀԵՇ - EIIL) ճիհատական մատակարարող քաղաքներու շարքին մէջ: Յատկապէս ընկերային առումով խոցելի ընտանիքներու զաւակներն են ասոնք, որ Պոլսոյ իրենց աղքատիկ թաղամասերէն Սուրիա եւ Իրաք կը մեկնին լրացնելու համար ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը: Թերթին աշխատակիցը, որ պատրաստած է թղթածրարը, կը գրէ, թէ Կիւնկէօրէնը Պոլսոյ այն թաղամասերէն է, ուր դիւրութեամբ կարելի է հանդիպիլ ՏԱՀԵՇ-ի հետքերուն:
Այսպէս, ՀԻՍԱՏԵՐ կոչուող «բարեսիրական» ընկերակցութիւնը, որ գլխաւորաբար իբրեւ թէ «Սուրիա օգնութիւն ղրկելու եւ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի» առաքելութիւններով կը զբաղի ու այդ մասին ծանուցումներ փակցուցած է իր գրասենեակի ցուցափեղկին վրայ, անոնց կից զետեղած է նաեւ այլ ծանուցում մը, որ կը պատկանի ՏԱՀԵՇ-ի (անոր զինանշանով, որ բաղկացած է արաբերէնով՝ աղօթքէ եւ Մոհամմէտ մարգարէի ստորագրութենէն):


ՆԱԽ ԹՄՐԱՄՈԼ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ, ԱՊԱ՝ «ՁԵԶ ՊԻՏԻ ՓՐԿԵՆՔ» ԸՍԵԼՈՎ ԿԸ ՏԱՆԻՆ
Թղթակիցը առիթը ունեցած է զրուցելու ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն միացած երկու երիտասարդներու ծնողներուն հետ: Ան կը գրէ, թէ ընդհանրապէս այս երիտասարդները հասարակաց յատկանիշներ ունին: Անոնք 18էն 25 տարեկան են, կը պատկանին կարօտեալ ընտանիքներու եւ ընդհանրապէս բարդ յարաբերութիւններ ունին իրենց ծնողներուն հետ: Կազմակերպութիւնը ընդհանրապէս գրասենեակներ կը բանայ պահպանողական թաղամասերու մէջ: Վերոնշեալ երկու երիտասարդներէն մէկը 7 ամիս է Սուրիա կը գըտնուի, միւսը՝ փախած է հոնկէ ու վերադարձած: Ասոնցմէ առաջի-նին հայրը պատմած է, թէ իր տղան բնաւ ալ իսլամական կանոնները կիրարկող մը չէր: Մօրը մահէն ետք ապստամբած է: Սկսած է թմրեցուցիչ գործածել: «Յետոյ սկսաւ նամազ (մահեմետական պաշտամունք) կատարել։ Ապա մեզ ամբաստանեց որպէս անհաւատ։ Շաբաթ մը յետոյ անհետացաւ եւ այլեւս չվերադարձաւ։ Իր մեկնումին մասին տեղեկացայ իր ընկերներէն։ Տասնըհինգ հոգի միասնաբար մեկներ են։ Աղաչեցի, որ վերադառնայ, բայց «անկարելի է, մենք Ճիհատի համար հոս եկած ենք» պատասխանեց» պատմած է անոր հայրը:
Միւս երիտասարդին հայրն ալ կը պատմէ, թէ իր 19ամեայ զաւակը յանկարծ սկսած է նամազ կատարել, մօրուք երկարել, շալվար հագուիլ ու անդադար կրկնել՝ «կ'ուզեմ ապրիլ Մոհամմէտ մարգարէն»: Ան Haberturk-ի թղթակիցին ըսած է, որ Կազմակերպութեան մէկ ճիւղը կը զբաղի երիտասարդները նախ թմրամոլ դարձնելու գործով, այնուհետեւ կրօնական զգացումները շահագործելով զանոնք կը համոզէ ու պատերազմելու կը տանի: