Վերջերս, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Ծաղկոց-Նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը, ի ներկայութեան՝ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիսեանի, Ազգ. Իշխանութեան, Կրթական յանձնախումբի, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ադամեան» թատերասիրացի, Երիտասարդաց Միութեան վարչական կազմերուն եւ մեծ թիւով ծնողներու եւ կրթասէր երկսեռ հայրենակիցներու: Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան հակիրճ խօսքերով բանալով հանդէսը՝ վեր առաւ այն կարեւոր դերը, որ վերապահուած է դպրոցին, ազգապահպանման մեր պայքարին մէջ: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցչուհի տիկ. Մերի Մանուկեանի կատարած աշխատանքին համար եւ իր երախտագիտութիւնը Հայ Գթութեան Խաչին, որուն նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, կը գործէ վարժարանը, եւ տիկին Արմենուհի Աբելեանին, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, անձնուիրաբար ստանձնեց օգնական ուսուցչուհիի պաշտօնը, որ կատարեց այնքան արդիւնաւոր կերպով: Ապա ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեան կարդաց խնամուած տեղեկագիր մը դպրոցական տարեշրջանին տար-ւած աշխատանքներու մասին: Տեղեկագրէն իմացանք որ, արձանագրուած 58 աշակերտներէն 50-ը կանոնաւոր կերպով հետեւած են դասաւանդութեանց եւ արձանագրած՝ զգալի յառաջդիմութիւն: Իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հայ փոքրիկներու տոհմային դաստիարակութեան նուիրական գործին: Գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիր մը, մանկական սիրուն արտասանութիւններով, տրամախօսութիւններով, երգերով եւ հայկական պարերով: Կրթական յանձնախումբին կողմէ ընկ. Լ. Ճլկունի պատմականը ընելով Ծաղկոց-Նախակրթարանի հիմնումին, շեշտեց թէ ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի արդիւնք է զոհողութեանց: