Յունիս 14-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գարէայի ակումբի բացման հանդիսութիւնը: Հակառակ օդի անակնկալ փոփոխութեան, յոգնախուռն բազմութիւն մը հեռաւոր թաղերէն եկած էր, քաջալերելու համար այս ձեռնարկը: Ներկայ էին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւնը, ոստիկան-զօրաց հրամանատարը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւնները, երիտասարդացի վարչականներ, անդամներ եւայլն: Բեմը զարդարւած էր հելլէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշներով:
Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ա. Յարութիւնեանի, հանդէսը բացաւ հելլէն ոգերգով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերքով: Մասնաճիւղի պատուակալ նախագահ՝ եղբ. Եր. Քէմէնչէճեան բացումը կատարեց: Ապա գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Հետզհետէ բեմ հրաւիրուեցան քոյր Մարօ Մարտիրոսեան՝ (մեներգ), եղբ. Տիգրան Չաքրեան եւ քոյր Նազիկ Ղազարեան՝ (արտասանութիւնով): Մասնաճիւղի ատենադպրուհի քոյր Ն. Քէմէնչէճեան՝ կարդաց տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ 22 անդամներով սկսած մասնաճիւղը այսօր գրեթէ կրկնապատկուած է, իր անդամներուն թիւը հասցնելով 40 գործօն եւ օժանդակ անդամներու: Իր հիմնադրութենէն հազիւ տարի մը ետք, մասնաճիւղը տիրացած է ակումբի մը, յարակից մասերով: Եղբայրներ Գրիգոր Դերձակեանի եւ Պետիկ Պարսամեանի զուարթ տրամախօսութիւնը խնդացուց ներկաները: Յաջող էր նաեւ եղբ. Գրիգոր Դերձակեանի մենախօսութիւնը: Ֆիքսի Երիտասարդացի պարախումբը, գեղջկական տարազներով եւ գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ պարեց հայկական պարեր: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեան՝ բեմ հրաւիրուելով, գնահատանքով արտայայտուեցաւ, մասնաճիւղի աշխատանքին մասին: Եղան ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ, որմէ վերջ ներկաները հիւրասիրուեցան աղանդերով: Ապա սկսան եւրոպական պարերը, ու ներկաները մեկնեցան զուարթ տրամադրութեամբ: