Նորվեկիոյ դեսպան պրն. Անքէր եւ Նորվեկիական բարեսիրական մեծ կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչները՝ պրն. Հալ Վոլսէն եւ Վ. Պոէ խնամատարական նախարարութեան ընդհ. քարտուղար պ. Ռիքաքիսին ներկայանալով յայտնած են թէ՝ նորվեկիացի մեծանուն երկրախոյզ եւ քաղաքագէտ Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ, յիշեալ բարեսիրական միութիւնը կը փափաքի Թեսաղոնիկէի մէջ 50 սենեակներէ բաղկացած ծերանոց մը հիմնել հայերու համար: Պ. Ռիքաքիս շնորհակալութիւն յայտնած է մատուցման համար եւ ըսած թէ՝ նախարարութիւնը համաձայն է շինութեան:
Տըպլինէն (Իրլանտա) կը հաղորդեն թէ՝ Հաւատոյ Տարածման Ս. ժողովի նախագահը՝ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան, շքախումբով Հռոմէն հասած է Իրլանտայի Տըպլին քաղաքը, նախագահելու համար Իրլանտայի «Սուրբ-Պատրիկ» շաբաթուան տօնակատարութեանց, իբրեւ Պապին փոխանձն նուիրակը: Ընկերացող ութ կարտինալներ եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ մասնաւոր փայլ մը կուտան այս հանդիսութեանց: Սուրբ-Պատրիկ Իրլանտայի առաքեալն է, որ վախճանած է Արմաղ (Իրլանտա) 461-ին, ներկայիս կը տօնուի Ս. Պատրիկի մահուան 1500-ամեակը: Ամէն օր դասախօսութիւններ եւ մասնաւոր հանդիսութիւններ կÿոգեկոչեն այդ տարեդարձը: Կիրակի օր, հանդիսութիւնները պիտի փակուին պատարագով մը՝ զոր պիտի մատուցանէ Պապին փոխանձն-նուիրակը՝ հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Աղաճանեան: Հազարաւոր ուխտաւորներ եկած են Իրլանտայի ամէն կողմերէն, մասնակցելու համար այս բացառիկ տօնակատարութեանց: Յիշատակելի արարողութեան մը ընթացքին, ծիրանաւոր-պատրիարքը օծած է Տըպլինի նաւահանգիստին այն տեղը, ուր պիտի կանգնի Նոթր Տամ տը Լա Մեռի մէկ հսկայ արձանը: