Պոլսոյ հայոց պատրիարքին մահուան գոյժը հաղորդուած է Էջմիածին, Անթիլիաս եւ Երուսաղէմ: Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու համար հրաւէր ուղղուած է Տիրան արք. Ներսոյեանի (Նիւ Եորք), Մամբրէ արք. Սիրունեանի (Գահիրէ), Սերոբէ եպս. Մանուկեանի (Փարիզ), Պսակ եպս. Թումայեանի (Լոնտոն): Պատրիարքարանի մայր դուռը փակուած է սեւ վարագոյրներով:
Մեծ դահլիճին մէջ, Շնորհք եպս. որ այս միջոցիս կը գտնուի Պոլիս, վեղար ի գլուխ, առանց պանակէի եւ եպիսկոպոսական մատանիի, ընդունած է օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն եւ այցելուներու ցաւակցութիւնը: Մայր եկեղեցիին մէջ, կեդրոնը՝ մահաբեմի վրայ զետեղուած է պատրիարքին դագաղը, եպիսկոպոսական զգեստաւորումով, խոյր ի գլուխ, լանջախաչ ու պանակէ, Աւետարան ու պատրիարքական ասան ի ձեռին: Տարիներէ ի վեր պատահած չէր, որ բարձրաստիճան եկեղեցական մը հոգին աւանդէ կրօնական պաշտամունքի պահուն, եկեղեցւոյ մէջ, բանկան մահով: Մայր եկեղեցւոյ պատրիարքական գահը ծած-կուած է սեւ շղարշով, մինչ քովէն կը բարձրանայ ծուխը խնկամաններու մէջէն: Սգաւոր է նաեւ Ս. Խորանը, որ կը ներկայանայ իր պարզագոյն յարդարանքով, մէկ քանի մոմեր միայն: Հեռագրով ցաւակցութիւն յայտնած են Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչներըյ Ռոպէր Կիւլպէնկեան, Գէորգ Եսայեան եւ տոքթ. Փերտիկաօ (Լիզպոն), Պոլսոյ փաստաբանական կաճառին նախագահը՝ Պենտերլի: Անձամբ ցաւակցութիւն յայտնած են Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքին փոխանորդը, պապական նուիրակին ներկայացուցիչը, Հրէից խախամապետին փոխանորդը, Հալք կուսակցութեան Պոլսոյ կեդրոնին նրեկայացուցիչները, Պէյրութի քաղդէական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը եւ ազգային մարմիններու պատուիրակութիւններ: Կազմուած է յանձնախումբը մը որ պրպտումներ պիտի կատարէ պատրիարքին կտակին շուրջ, (առաջին քննութիւնը կատարուած է եւ կտակ չէ գտնուած աշխատասենեակին մէջ, որ անմիջապէս կնքուած է):