Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան համար Աթէնք ժամանեց Ֆրանսայի վարչապետ պրն. Միշէլ Տըպրէ, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար պրն. Քուվ Տը Միւրվիլի: Օդանաւակայանին մէջ հիւրերը ընդունուեցան վարչապետ պրն. Գարամանլիսի, արտաքին գործոց նախարար պրն. Ավերոֆի, վարչապետարանի նախարար պրն. Ցացոսի եւ Ֆրանսայի գործակատարին կողմէ:


Կիրակի 10 Յուլիս 1961-ին Յունաստան պաշ
տօնապէս անդամ դարձաւ Եւրոպական Միացեալ Շուկային: Խորհրդարանի սրահին մէջ, սկսաւ հանդիսաւոր նիստը Միացեալ Շուկայի մասնակցող վեց երկիրներու ներկայացուցիչներուն: Ներկայ էին հելլէն կառավարութեան կողմէ՝ փոխ-վարչապետ պրն. Քանելոփուլոս, արտաքին գործոց նախարար պրն. Ավերոֆ եւ համադրական նախարար պրն. Փրոթոփափատաքիս, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ փոխ-վարչապետ պրն. Էրհարթ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար պրն. Քուվ տը Միւրվիլ, Իտալիոյ առեւտուրի նախարար պրն. Քոլոմպօ, Պելճիքայի փոխ-վարչապետ եւ արտաքին նախարար պրն. Սփաաք, հոլանտացի փոխ-նախարար պրն. Վան Հութէն եւ Լիւքսէմպուրկի արտաքին գործոց նախարար պրն. Շաուս, ինչպէս եւ Միացեալ Շուկայի Մնայուն Յանձնախումբի նախագահ պրն. Հալշթայն: Ներկայ էին նաեւ հելլէն պատկան նախարարութեանց բարձրաստիճան պաշտօնատարները, Գերմանիոյ Աթէնքի դեսպանը եւ լրագրողներ: Նիստին բացումը կատարեց պրն. Քանելոփուլոս, որ ֆրանսերէն ճառով մը վեր հանեց Յունաստանի քաղաքակրթական պատմական դերը եւ շեշտեց Միացեալ Շուկայի կարեւորութիւնը: Ապա խօսեցան Գերմանիոյ փոխ-վարչապետը եւ Միացեալ Շուկայի Մնայուն յանձնախումբի նախագահը: Յետոյ, սկսաւ համաձայնագրին եւ յարակից փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը՝ վերոյիշեալ երկիրներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: