Տուրղութիի Ազգային Միացեալ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 25-ի Կիրակին, կ. ե. ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ի ներկայութեան՝ յոգնախուռն բազմութեան մը:

Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ յունահայ թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ եպս.ը, հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնրոդը՝ գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.վրդ. Խանցեան, Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ արժ. Տ. Խորէն քահանան, Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը, Ուսումնական խորհուրդը եւ միութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդէսի բացումը կատարեցին մանկապարտէզի փոքրիկները արտասանութիւններով եւ պարերով ու յետոյ իրենց վկայականները ստացան 7 աղջիկներ եւ 5 տղաներ: Փոքրերու բաժինը վերջ գտաւ հրաժեշտի ուղերձովը՝ որը կատարեց Ալիս Ղեւոնդեանը: Նախակրթարանի բաժնի յայտագրի առաջին մասին եղան տոհմիկ յունական երգեր ու արտասանութիւններ: Վարժարանի տնօրէնը՝ պրն. Օ. Զաքարեան տեղեկութիւններ տուաւ  անցնող կրթական տարեշրջանի մասին: Ընթացաւարտները բաւականաչափ պատրաստուած են յունարէնի մէջ եւ ի վիճակի են յաջողապէս անցնել յունական միջնակարգ վարժարաններու պարտադրական մուտքի քննութիւնները: Առողջական պատկերը աշակերտութեան՝ տարուէ տարի բարելաւուած է, շնորհիւ Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան որ արդիւնաւորապէս կը կատարէ իր առաքելութիւնը՝ վարժարանի առողջապահական գործին մէջ: Վարժարանը տուաւ 15 ընթացաւարտներ, որոնք էին՝ Հռիփսիմէ Եորղանճեան, Անայիս Մկրտիչեան, Ռոզիկ Պետոյեան, Մարի Պալեան, Վարդենի Շմպլեան, Երանուհի Կարապետեան, Նազիկ Ղազարեան, Մելիքուհի Չերքէզեան, Եղիս Խաչատուրեան, Էլիզ Սեւտայեան, տղաներ՝ Կարօ Մուշեան, Յովսէփ Պարազեան, Յարութիւն Չիլինկիրեան, Սերգօ Սերչոյեան, Վահրամ Եդիմեան, Թորոս Գարամանեան, Մեսրոպ Տ. Մանուէլեան: Ընթացաւարտներուն կողմէ հրաժեշտի ուղերձը արտասանեց Հռիփսիմէ Եորղանճեանը: