Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք.- Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ Վազգէն Ա. անձամբ մասնակցեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու համագումարին, «Խաղաղութեան նուիրուած», որ բացուեցաւ Յունիս 13-ին, Փրակայի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սահակ արք. Տէր Յովհաննէսեան, Վահան Վարդապետ Տէրեան, Ռուբէն քահանայ Մարտիրոսեան եւ էջմիածին ամսագիրի խմբագիր Ա. Հատիտեան:

Մոսկուայէն մեկնելէ առաջ, Վեհափառը տեսակցութիւն մը շնորհեց ԹԱՍՍի թղթակցին եւ ի մէջ այլոց յայտարարեց. - «Ներկայիս խաղաղութիւնը այնքան կենսական կարեւորութիւն ունի, որ բոլոր մարդիկը եւ երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ կրօնական կազմակերպութիւնները, պէտք է զբաղին զայն պահպանելու խնդրով: Ասիկա մասնաւորապէս կը վերաբերի քրիստոնէական եկեղեցիներուն, որովհետեւ նոյնինքն քրիստոնէութիւնը խաղաղութեան եւ սիրոյ վարդապետութիւնն է»: Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, թէ Փրակայի քրիստոնէական ժողովը, որ «Խաղաղութեան դատը պաշտպանելու նպատակով հրաւիրուած առաջին քրիստոնէական ժողովն է պատմութեան մէջ», քրիստոնէական գաղափարներու արտայայտութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ‘ յանուն խաղաղութեան պաշտպանութեան եւ յանուն ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման:

Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանի
    մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ, վարժարանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ: Վարժարանի բազմամեայ տնօրէն Խորէն Մղտեսեան բացուած յայտարարեց եւ գործադրութեան դրաւ խնամուած յայտագիրը,  ապա կարդաց վարժարանին 1960-1961 տարեշրջանի նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրը, ուր յստակ կերպով կը յայտնուէր, որ համեստ միջոցներով կարելի եղած էր օգտակար գործ կատարել: