Գոքինիոյ Ազգային եւ Զաւարեան Միացեալ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 25-ին: Հակառակ ճնշիչ եւ տաք օդին, սրահը լեցուած էր ծնողներու եւ կրթասէր ազգայիններու հոծ բազմութեամբ:
Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ թեմակալ առաջնորդ սրբազանը, Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, Կրթ. խորհուրդը, Գոքինիոյ Թաղ. խորհուրդը, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, հայրենակցական եւ այլ միութեան վարչութիւնները: Վարժարանի տնօրէնը պրն. Սօս Վանի հանդէսին բացումը կատարելով՝ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի յո-տընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը թրքահայոց նորոգ վախճանեալ ծերունազարդ պատ- րիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեանի: Ապա մանկապարտէզի փոքրիկները ըրին յաջող արտասանութիւններ, տրամախօսութիւններ եւ պարեր, մանկապարտիզպանուհի տիկ. Արփինէ Մխիկեանի հետեւողական աշխատանքին արդիւնքով: Տնօրէն պրն. Սօս Վանի մանկապարտէզի շրջանը աւարտող 11 աշակերտ-աշակերտուհիներու բաժնեց վկայականները: Հանդէսին երկրորդ մասը, յատկացուած էր նախակրթարանին: Վարժարանի երկսեռ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երգահան պրն. Յակոբ Փափազեանի, երգեց դպրոցական եւ ազգային երգեր, ինչպէս նաեւ քանի մը յունարէն երգեր: Եղան արտասանութիւններ, երգեր, պարեր եւ տրամախօսութիւններ: Գնահատանքի արժանացաւ սկովտիական պարը՝ զոր սորվեցուցած էր վարժարանի ուսուցչուհիներէն օր. Շաքէ Տէր Յարութիւնեան: Պրն. Սօս Վանի հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած պաշտօնական այցելութիւններու, ծնողներու յաճախակի այցելութեանց ինչպէս նաեւ աշակերտներու գոյավիճակի մասին: Հանդէսի աւարտին, թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը: Ապա, Ազգային կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան իր խօսքը ուղղեց ծնողներուն եւ աշակերտներուն: