* Ընկերուհի Պայծառ Մարտիկեան բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած է Էլլինիքոյի Ամերիկեան աղջկանց գոլէճի ընկերային ծառայութեանց (Սոշըլ Ուելֆեր) ճիւղը եւ արժանացած՝ գոլեճի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմի ջերմագին գնահատանքին ու շնորհաւորութեանց: Նմանապէս արժանացած է՝ Միլս մրցանակին (ոսկի մետալ) որ կը տրուի շրջանաւարտ այն ուսանողուհիին՝
որ կ՝ըլլայ ոչ միայն յաջողագոյնը իր դասերուն մէջ, այլ նաեւ՝ իր ուսանողութեան ամբողջ շրջանին ի յայտ կը բերէ բարձր նկարագիր, անբասիր վարք ու բարք, քրիստոնէական ոգի, համագործակցութեան տրամադրութիւն եւ իր նմաններուն օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութիւն:
* Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Փրակա հասած է, մասնակցելուհամար «խաղաղութեան նուիրուած» քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջազգային համագումարին: Կաթողիկոսին հետ ժամանած են նաեւ՝ Սահակ արք. Տէր Յովհաննէսեան, Վահան վրդ. Տէրեան, Ռուբէն քհնյ. Մարտիրոսեան եւ Էջմիածին ամսագրի խմբագիր՝ Ա. Հատիսեան: Մոսկուայէն մեկնելէ առաջ, վեհափառը տեսակցութիւն մը ունեցած է ռուսական Իթար-ԹԱՍ գործակալութեան թղթակցին հետ եւ ի միջի այլոց յայտարարած է. «Ներկայիս, խաղաղութիւնը այնքան կենսական կարեւորութիւն ունի, որ բոլոր մարդիկը եւ երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ կրօնական կազմակերպութիւնները, պէտք է զբաղին զայն պահպանելու խնդրով: Ասիկա մասնաւորապէս կը վերաբերի քրիստոնէական եկեղեցիներուն, որովհետեւ, նոյնինքն քրիսոտնէութիւնը խաղաղութեան եւ սիրոյ վարդապետութիւնն է»: Պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Խաղաղութեան կողմնակիցներու շարժման հաւատարիմ հայերու դիրքին, Վազգէն Ա. կաթողիկոս ըսած է թէ՝ «հայոց եկեղեցին գործօն մասնակցութիւն կը բերէ այդ շարժման՝ անոր ստեղծման օրէն ի վեր»: