Յունաստանի մամլոյ սենտիքային կողմէ երէկ առաւօտուն սկսած 24 ժամուայ գործադուլով, սկսան բողոքի ցոյցերը Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն ընթացքին:

Յունաստանի ղեկավարող ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան երեսփոխանները անձկութեամբ կը հետեւին քաղաքական դաշտի վերջին զարգացումներուն, երկար ատեն յիշատակուող եւ նոր գործադրուած Թեսաղոնիկէի երեսփոխան Թոմաս Ռոպոփուլոսի հրաժարականի եւ նախկին նախարար Լուքա Քացելիի խնդրայարոյց յայտարարութիւններու լոյսին տակ:

Վաղը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն ընթացքին, 48 ժամուայ նոր գործադուլ յայտարարած է հանրային փոխադրամիջոցներու պաշտօնէութիւնը, երէկ գիշեր կայացած իրենց ընդհանուր խորհրդաժողովէն ետք: Անոնք բողոքի ցոյց պիտի կատարեն վաղը կէսօրին, ուղղուելով դէպի հելլէն խորհրդարանի շէնքը:

Համահելլէնական համատարած գործադուլ՝ Հոկտեմբեր 19ին

Յաջորդ շաբաթ պիտի ընդարձակուի երկրի աշխատաւորական սենտիքաներու կողմէ իրագործուող գործադուլը, քաղաքապետութիւններու, հիւանդանոցներու, վարժարաններու եւ համալսարաններու, ելեկտրական հաստատութեան, օդանաւորդութեան պաշտօնէութեանց մասնակցութեամբ:

ԱՆՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼԻ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
Աշխատաւորական սենտիքաներու կազմակերպութեամբ երէկ Աթէնքի կեդրոնէն ներս իրականացած  բողոքի ցոյցին ընթացքին, բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: