Յունաստանի դժուարութիւնները եւ Եւրոպական Միութեան ակնյայտ տկարութիւնը՝ «սրտի կաթուած» յառաջացուցած են սակարանային շուկաներուն մէջ

-8.5% չափանիշի նուազում արձանագրած է Աթէնքի սակարանը, մինչ Եւրոպական Միութեան կողմէ Յունաստանին տրուելիք 6րդ վարկի յանձնումը՝ յետաձգուած է։ Տնտեսական տագնապին դիմադրելու Եւրոպական Միութեան ակնյայտ տկարութիւնը «սրտի կաթուած» յառաջացուցած է սակարանային շուկաներուն մէջ, որ ազդու նախաձեռնութիւններ չեն տեսներ։

Ֆրանքֆուրթի, Լոնտոնի եւ Փարիզի սակարաններուն մէջ եւս նուազումներ արձանագրուեցան, ժխտական անդրադարձներ ձգելով դրամատնային արժեթուղթերու կապակցութեամբ։
Երէկ ուշ գիշեր, A2 ցուցանիշով արժեզրկուեցան իտալական արժեթուղթերը Moody’sի կողմէ: Իտալիոյ իշխանութեան շրջանակները «ակնկալելի» բնորոշեցին այս ընթացքը, իսկ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի յայտնեց թէ կառավարութիւնը խիստ ջանքեր պիտի գործադրէ իրականացելու համար իր պարտաւորութիւնները:
Տնտեսական անվստահութեան կլիման որ համաշխարհային առումով ստեղծուած է, պատճառ կը դառնայ իրերայաջորդ արժեզրկումներուն: