«Հնդկաստան պիտի չդառնանք» խօսքերով արտայայտուեցաւ վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու, եւրոպական վերահսկիչ մարմնոյ՝ «թրոյքա»ի հետզհետէ խստացող պահանջներուն:

Յունաստանի աշխատանքի նախարար Եորղոս Քութրումանիսի հետ հանդիպումէն ետք, պահանջ ներկայացուեցաւ նուազեցնելու Յունաստանի աշխատանքային ազգային համաձայնագրով սահմանուած ամսականները:
ՓԱՍՕՔ ղեկավարող կուսակցութեան շարքերուն մէջ վերջին շրջանին աճած են կառավարութեան քայլերուն դէմ բողոքները:
Նոյն պահուն՝ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Ալեքա Փափարիղա դիտել կուտայ, թէ հանրային պաշտօնեաներու գործէ ազատ արձակումները՝ 200.000ի պիտի հասնին:
Մինչ այդ գործադուլներու արշաւը կը շարունակուի եւ պիտի սաստկանայ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: