Յունաստանի ղեկավարող ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան երեսփոխանները անձկութեամբ կը հետեւին քաղաքական դաշտի վերջին զարգացումներուն, երկար ատեն յիշատակուող եւ նոր գործադրուած Թեսաղոնիկէի երեսփոխան Թոմաս Ռոպոփուլոսի հրաժարականի եւ նախկին նախարար Լուքա Քացելիի խնդրայարոյց յայտարարութիւններու լոյսին տակ:

ՓԱՍՕՔի խորհրդարանական խմբակցութեան համար այլեւս վճռորոշ կը դառնայ վարչապետ Փափանտրէուի հանդէպ հաւատարիմ կեցուածքի որդեգրումը, մինչ երկրի աշխատաւորական սենտիքաները իրենց գագաթնակէտին կը հասցնեն բողոքի ալիքը, վաղը Չորեքշաբթի օր կազմակերպուող համահելլէնական համատարած գործադուլով:
Աղբերու դիզուող կոյտերու մէջ պիտի իրագործուին վաղը Աթէնքի կեդրոնէն ներս բողոքի ցոյցերը, ուր մասնակցութիւն պիտի բերեն հանրային թէ սեփական պաշտօնէութիւնը, վաճառախանութները եւ երկրի աշխատաւորական ամբողջ ուժը: Երէկ գիշեր, Աթէնքի Վասիլիսիս Սոֆիաս կեդրոնական պողոտայէն յառաջանալով, խորհրդարանի շէնքին առջեւ հասան 4000 ոստիկաններ, որոնք մոմերով ցոյց կատարեցին կառավարութեան կողմէ յառաջ քշուող օրինագիծերուն դէմ բողոքելով:
Այսօր Երեքշաբթի օր հանդիպում տեղի կÿունենայ վարչապետ Փափանտրէուի եւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկավար Անտոնիս Սամարասի միջեւ: Պիտի յաջորդեն այլ հանդիպումներ եւս, քաղաքական կուսակցութիւններու մնացեալ ղեկավարներուն հետ, ի տես Հինգշաբթի օր խորհրդարանէն ներս նոր օրինագիծի քուէարկութեան: