11-ամեայ Միրթիս կը վերակենդանանայ եւ ...հայերէնով կարտայայտուի
«Անցեալի հետ դէմ յանդիման» խորագիրը կրող շրջուն ցուցահանդէս մը կիրագործուի, որու առաջնակարգ դերը Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարու 11-ամեայ Միրթիսին վերապահուած է:
Ցուցահանդէսը շրջուն է. կրնայ տեղափոխուիլ եւ հիւրընկալուիլ տարբեր վայրերէ ներս: Յունական թանգարաններու մէջ ցուցադրուելէ ետք, Միրթիս արդէն Եւրոպական այլ երկիրներու մօտ կը ճամբորդէ, իր պատգամը փոխանցելով աշխարհի ղեկավարներուն:
ՄԱԿը իր «դեսպաններու» շարքին դասած է Միրթիսը, փորձելով ահազանգ հնչեցնել երեխաներու հիւանդութիւններու առաջքը առնելու, աշխարհի մէջ առողջապահական պայմանները բարելաւելու եւ մահուան դէպքերը կանխելու միտուած արշաւ մը ծաւալելով:
Միրթիսի պատգամը 21 լեզուներով ներկայացուած է, որոնց կարգին նաեւ հայերէնը:
Բացի ցուցահանդէսին մէջ ներառնուած գրութիւններէն, համացանցի միջոցաւ նաեւ կարելի է ծանօթանալ Միրթիսի պատմութեան, ուր դարձեալ Միրթիսի խօսքերը հայերէն թարգմանութեամբ տեղադրուած են:
ՄԻՐԹԻՍ
«Անունս Մի՛րթիս է, որ սակայն իրական անունս չէ: Այս անունը տրուեցաւ ինծի հնագէտներէն, որոնք 1994ի եւ 1995ի միջեւ ոսկորներս գտան 150 այլ կմախքներու կողքին, Աթէնք գտնուող խմբային գերեզմանի մը մէջ, Քերամիքոյի շրջանէն ներս:
Կը նմանիմ 21րդ դարու աղջնակի, կը վստահեցնեմ ձեզ սակայն, որ տասնըմէկ տարեկան երեխայ մըն եմ, որ ապրեցաւ ու մահացաւ Աթէնքի մէջ՝ Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարուն:
Ինչպէ՞ս ուրեմն պատմական Աթէնքէն երեխայ մը կրնայ դառնալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ,,Հազարամեակի բարեկամ,,:
Գիտնականները վստահ են թէ Քրիստոսէ առաջ 430ի եւ 426ի միջեւ տեղի ունեցած Պեղոպոնէզեան պատերազմի ընթացքին Աթէնքը հարուածած ժանտախտի զոհերէն մէկն էի: Գիտեն նաեւ թէ մահուանս պատճառը ժանտատենդն էր, նոյն հիւանդութիւնը որ մահուան առաջնորդեց Աթենացի քաղաքագէտ Պերիկլէսը եւ քաղաքի այդ ժամանակի բնակիչներուն գրեթէ մէկ երրորդը: Կըսուի նաեւ, որ համաճարակը պատճառ դարձաւ Աթէնքի վերջնական պարտութեան Սբարթիէն՝ Պեղոպոնէզեան պատերազմի օրերուն:
Գանկս գտնուեցաւ անսովորաբար լաւ վիճակի մէջ եւ այս իրողութիւնը ներշնչեց Աթէնքի համալսարանի դասախօս Մանօլի Բաբաղրիղորաքին որ ձեռնարկեց դէմքիս վերակազմութեան, մասնագէտներու գործակցութեամբ: Հոս եմ ուրեմն: Անոնց ջանքերու արդիւնքը կրնաք տեսնել լուսանկարէս. գրեթէ այն եմ ինչ որ էի մահուանս օրը:
Դասախօս Մանօլիս Բաբաղրիղորաքիս կը հաւատար թէ ,,վերակենդանացումս,, միայն Աքրոբոլիսի ստորոտը խաղացող աղջկայ մը դէմքը տեսնելու առիթը պէտք չէր ըլլար մարդոց համար, երբ Աթենացիները Բարթենօնը կը ստեղծագործէին, այլ կուզէր նաեւ որ ,,վերադարձս,, շռնդալից պատգամ մը ղրկէր աշխարհին ու աշխարհի ղեկավարներուն:
Մահս անխուսափելի էր: Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարուն մենք չէինք տրամադրեր ո՛չ գիտելիքները ո՛չ ալ միջոցները մահացու հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար: Դուք սակայն 21րդ դարու մարդիկ, որեւէ պատճառաբանութիւն չունիք: Ձեր տրամադրութեան տակ կը գտնուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցները եւ նիւթական աղբիւրները, փրկելու համար միլիոնաւոր մարդոց, միլիոնաւոր երեխաներու կեանքը, որոնք ինծի նման կը մեռնին հիւանդութիւններէ որ կարելի է կանխել ու բուժել:
Մահէս 2.500 տարի ետք, կը յուսամ որ այս պատգամս պիտի ըլլայ ազդու ու պիտի ներշնչէ յաւելեալ թիւով մարդիկ, որպէսզի աշխատին եւ իրականութեան վերածեն ,,Զարգացման հազարամեակի թիրախներ,,ը: Լսեցէք ձայնս. գիտեմ թէ ինչ կÿըսեմ. մի մոռնաք որ ձեզմէ շատ աւելի տարիքոտ եմ ու հետեւաբար ձեզմէ աւելի իմաստուն»:
Մի՛րթիսը կեդրոնական դէմքն է «Մի՛րթիս՝ դէմ յանդիման անցեալին հետ» ցուցադրութեան, որ ծրագրուած ուղեւորութիւն մը սկսած է դէպի Յունաստանի եւ արտասահմանի քաղաքները:
Համաշխարհային Առողջապահական կազմակերպութիւնը կը գնահատէ թէ ժանտախտի պարագաները աշխարհի տարածքին տարեկան 16-էն 33 միլիոնի կը հասնին, որոնցմէ 500էն 700.000ը մահաբեր են: Հինգ տարեկանէն վար գրեթէ ինը միլիոն երեխաներ ամէն տարի կը մահանան հիւանդութիւններէ, որ հնարաւոր է կանխել ու բուժել:
(Թարգմանութիւնը կատարեց՝ Մանուէլ Շ. Ֆարաճեան)