Համահելլէնական համատարած գործադուլ՝ Հոկտեմբեր 19ին

Յաջորդ շաբաթ պիտի ընդարձակուի երկրի աշխատաւորական սենտիքաներու կողմէ իրագործուող գործադուլը, քաղաքապետութիւններու, հիւանդանոցներու, վարժարաններու եւ համալսարաններու, ելեկտրական հաստատութեան, օդանաւորդութեան պաշտօնէութեանց մասնակցութեամբ:


Աշխատաւորները կը բողոքեն աշխատանքի օրինադաշտը ճշդող խստացուած նոր պայմաններուն դէմ, ինչպէս եւ ամսականներու ու թոշակներու կրճատումներու եւ յաւելեալ հարկերու սահմանման դէմ:
Նոյնպէս հնգօրեայ գործադուլ յայտարարած են փաստաբանները եւ նօտարները:
Ընդդիմութեան ալիքը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի համատարած գործադուլով, որ պիտի իրագործուի Հոտկեմբեր 19ին: