24 ժամուայ գործադուլ հռչակած են Յունաստանի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները, բուռն ձեւով հակառակելով կառավարութեան հարկային խիստ քաղաքականութեան դէմ։
Օդանաւակայանի պաշտօնէութիւն, դպրոցներու ուսուցիչներ, համալսարաններու փրոֆէսէօրներ, փաստաբաններ, դատախազներ, նաւահանգիստներու պաշտօնեաներ, թանգարաններու եւ հնավայրերու, ինչպէս նաեւ բանտերու պաշտօնեաներ՝ բոլորը կը մասնակցին գործադուլին։
Հանրային փոխադրամիջոցները պիտի չգործեն, բացի մեթրօ¬էն։