ԱՆՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼԻ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
Աշխատաւորական սենտիքաներու կազմակերպութեամբ երէկ Աթէնքի կեդրոնէն ներս իրականացած բողոքի ցոյցին ընթացքին, բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ:
Բախումները սկսան երբ ցուցարարները փորձեցին վար առնել Վասիլիսիս Սոֆիաս պողոտային վրայ տեղադրուած պարիքատը: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր ռումբեր արձակեց, հարուածեց ցուցարարները եւ բռնութեամբ փորձեց ցրուել հաւաքը:
Ոստիկանական ուժերը յարձակեցան նաեւ լրագրողներու դէմ, վիրաւորելով յունական եւ ֆրանսական մամուլի աշխատակից երկու լուսանկարիչներ:
Բախումները շարունակուեցան Էքսարխիայի շրջանէն ներս, ուր դարձեալ ոստիկանութիւնը քիմիական կազերով փորձեց հեռացնել ժողովուրդը:
Տասնհինգէ աւելի քաղաքացիներ ձերբակալուեցան: