Յունաստանի մամլոյ սենտիքային կողմէ երէկ առաւօտուն սկսած 24 ժամուայ գործադուլով, սկսան բողոքի ցոյցերը Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն ընթացքին:
Այսօր իր գագաթնակէտին կը հասնի ամբողջ Յունաստանի մէջ աշխատաւորական համահելլէնական գործադուլը, որ երկիրը կÿանդամալուծէ եւ քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչները յաւելեալ տագնապի կը մատնէ: Երկրի սնանկացումին առաջնորդող յառաջիկայ խիստ ամիսներու անկայուն եւ անապահով իրավիճակը զայրացուցած է քաղաքացիները, որոնք ճամբաները կը գրաւեն՝ ուղղակիօրէն դէմ կանգնելով երկրի քաղաքական սիսթեմին, որ ստեղծուած երերուն կացութեան միակ պատասխանատուն է:
Նոյն պահուն, վարչապետ Փափանտրէու, շարունակելով քաղաքական ղեկավարներու եւ հրատարակիչներու հետ իր հանդիպումները, կը փորձէ հարթել մթնոլորտը՝ ի տես Յունաստանի տնտեսական իրավիճակին անդրադարձող «թրոյքա»ի նոր զեկուցումին, որմէ կախեալ է եւրագօտիէն սպասուող 6-րդ վարկի յանձնումը: