Վաղը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն ընթացքին, 48 ժամուայ նոր գործադուլ յայտարարած է հանրային փոխադրամիջոցներու պաշտօնէութիւնը, երէկ գիշեր կայացած իրենց ընդհանուր խորհրդաժողովէն ետք: Անոնք բողոքի ցոյց պիտի կատարեն վաղը կէսօրին, ուղղուելով դէպի հելլէն խորհրդարանի շէնքը:

Նոյնպէս երեք օրուայ գործադուլի կը մասնակցին նաւահանգիստներու պաշտօնեաները, որոնք կը բողոքեն իրենց ապահովագրական սընտուկի ֆինանսաւորման հետ կապուած հարցերով:
Նոյն պահուն, առողջապահութեան դէմ վտանգաւոր սկսած է դառնալ կացութիւնը՝ աղբահաւաքներու շարունակուող գրաւումներուն պատճառով: Աթէնքի քաղաքապետարանէն փոխանցուած տուեալներու համաձայն՝ 6000 թոն աղբ հաւաքուած է մայրաքաղաքի կեդրոնական           ճամբաներուն վրայ: Աղբահաւաքները գրաւումի տակ կը պահեն իրենց տրամադրուած յատուկ կեդրոնները, արգելք հանդիսանալով աղբերու մաքրութեան գործին: