Վերջերս Հայաստան այցելեց պուլկար գրագէտ Վլատիմիր Նայտենով: Սոֆիա վերադարձին «Ռապրթնիչեսքօ Տելօ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայեց տպաւորութիւններու շարք մը: Ստորեւ՝ ակնարկներէն մէկը.- «Արարատ լեռը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն առանց անոր դժուար է պատկերացնել այդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Այս լեռը

Տոքթ. Արամ Կլորիկ այսօր ծանօթ անուն մըն է միջազգային չափանիշով եւ լսողութեան պահպանման մարզին մէջ ամէնէն տեղեակ մարդն է: Տոքթ. Արամ Կլորիկ ծնած է 1908ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը եւ երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան եւ 19

Երկու տարիէ ի վեր համայնքիս մէջ կը գործէ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը, որ գովելի ջանասիրութեամբ մը լծուած է եկեղեցւոյ բարեզարդման գեղեցիկ գործին եւ որուն արդիւնքները փայլուն կերպով կը պարզուին արդէն հաւատացեալներու աչքերուն առջեւ։ Միութիւնը, որ կը վայելէ համայնքիս եկեղեցասէր հասարակութեան ջերմ համակրանքն ու քաջալերանքը,

- Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը սկսաւ քննել Չինաստանը Մ.Ա.Կ.ի մէջ ընդունելու հարցը։ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ պրն. Կոլտպէրկ այս մասին խօսեով ըսաւ՝ թէ Չինաստանի մուտքը միջազգային կազմակերպութեան մէջ, պիտի խախտէ անոր հիմերը, ու պիտի նշանակէ՝ թէ Մ.Ա.Կ.ը տեղի տուաւ անոր սպառնալիքներուն առջեւ։ Ըսաւ՝ որ տուեալներ կան, թէ

- Վայոց ձորը հարուստ է պատմական յուշարձաններով: Բայց, դժբախտաբար, անոնց պահպանութեան եւ նորոգութեան խնդիրը «պատշաճ բարձրութեան վրայ չի գտնուիր», կը գրէ ուսուցիչ Խ. Թադեւոսեան «Սով. Հայաստան»ի մէջ: Եղէգնաձորի շրջանին մէջ կայ 1055 տարուան հնութիւն ունեցող վանք մը, որ կը կոչուի Քարակոփ: Համաձայն նամակագրին, վանքը փլչելու