Երկու տարիէ ի վեր համայնքիս մէջ կը գործէ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը, որ գովելի ջանասիրութեամբ մը լծուած է եկեղեցւոյ բարեզարդման գեղեցիկ գործին եւ որուն արդիւնքները փայլուն կերպով կը պարզուին արդէն հաւատացեալներու աչքերուն առջեւ։ Միութիւնը, որ կը վայելէ համայնքիս եկեղեցասէր հասարակութեան ջերմ համակրանքն ու քաջալերանքը,
կազմակերպեց իր անդրանիկ ձեռնարկը, ընտանեկան երեկոյթ մը, քաղաքիս «Ֆիլոբթոխոն»ի շքեղ սրահին մէջ, ամսոյս 7ի Կիրակին, երեկոյեան ժամը 8ին, հովանաւորութեամբ Ազգ. Իշխանութեան։ Ներկայ էին՝ հոգեւոր հովիւ Անուշաւան քահնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութիւնը, Կրթական Խորհուրդը, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային ու տեղական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի, «Ադամեան» Թատերասիրացի վարչական կազմերը եւ կոկիկ բազմութիւն մը։ Միութեան ատենապետուհի տիկին Պերճուհի Մինասեան, հակիրճ խօսքերով բանալով երեկոյթը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Տէր հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան՝ Միութեան ընծայած իրենց բարոյական աջակցութեան եւ գաղութիս հայութեան ջերմ քաջալերանքին համար, որոնց շնորհիւ, ըսաւ յարգելի ատենապետուհին, Միութիւնը կրցաւ շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել եկեղեցին բարեզարդելու եւ պայծառացնելու աշխատանքին մէջ։ Տիկին Երանուհի Թահմազեան կարդաց միութեան երկամեայ բարոյական գործունէութեան տեղեկագիրը, իսկ տիկ. Էլիզ Սվաճեան՝ նիւթական հաշուեկշիռը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ միութիւնը ունեցած է մօտ 40.000 տրախմիի մուտք մը, զոր ամբողջութեամբ տրամադրած է եկեղեցւոյ բարեզարդման։ Տեղեկագիրներու ընթերցումէն ի յայտ եկաւ միութեան գնահատելի գործունէութիւնը, զոր բոլոր ներկաները ծափահարեցին ջերմօրէն։ Արտասանութիւններ կատարեցին օր. Սրբուհի Արապեան եւ Կիւլա Տուրղութեան, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։ Ապա խօսեցաւ Տէր Հայրը, որ իր ճառով վեր առաւ զոհաբերութեան եւ նուիրումի ոգին եւ այս մարզին մէջ մեր իգական սեռին յայտնաբերած պատրաստակամութիւնը, իբրեւ օրինակ յիշելով Հ. Գթ. Խաչի քոյրերու անձնազոհ ծառայութիւնը։