50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Տոքթ. Արամ Կլորիկ այսօր ծանօթ անուն մըն է միջազգային չափանիշով եւ լսողութեան պահպանման մարզին մէջ ամէնէն տեղեակ մարդն է: Տոքթ. Արամ Կլորիկ ծնած է 1908ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը եւ երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան եւ 19 տարեկանին՝ Անգլիա գաղթած: Հոն ան ամուսնացած է Պէաթրիս Ալեն անունով անգլուհիի մը հետ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Կլորիկ ընտանիքը հաստատուած է Քենեքթիքթ նահանգի Նիւ Լանտըն քաղաքին մէջ: Երիտասարդ Արամ Կլորիկ իր կրթութիւնը կը ստանայ Նիւ Լանտընի պետական նախակրթարանին եւ բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ապա կþանցնի Մասաչուսեց նահանգի Էթլենթիք քոլեճը եւ կþընդունուի իբրեւ բժշկական ճիւղի ուսանող: Ապա Արամ Կլորիկ կþանցնի Քալիֆորնիա եւ կը հետեւի Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին մէջ գտնուող Աւետարանիչներու քոլէճի բժշկական դասընթացքներուն: Ան իր բժշկական վկայականը կը ստանայ 1938ին: Տոքթ. Արամ Կլորիկ զանազան հիւանդանոցներու մէջ կը ծառայէ սկզբնական շրջանին: Բժշկութեան մէջ իր առաջին քայլերը կþառնէ երեխաներու հիւանդութեանց բժշկութեան մարզին մէջ: Սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ ականջի հիւանդութեանց հանդէպ: 1941ին ականջի առողջապահութեան դասախօս կը նշանակուի Աթլանթայի Էմորի համալսարանին մէջ: Աւելի ետք՝ 1946-47 թուականներուն, ան կը նշանակուի օգնական փրոֆեսէօր նոյն համալսարանին մէջ: Բ. Աշխարհամարտին, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի մտնելէն ետք, կը կոչուի զինուորական ծառայութեան եւ կը ղրկուի Իսլանտա եւ Անգլիա: Անգլիոյ մէջ կþամուսնանայ Մարկարեթ Տընհամի հետ: Ունի երկու աղջիկ: Արտասահման գտնուած միջոցին, տոքթ. Արամ Կլորիկ ծանրօրէն աշխատեցաւ իր մասնագիտութեան վրայ: Ան ուսումնասիրեց պարագաներ, երբ ենթականերու լսողութիւնը խանգարուած էր ռումբերու պայթիւնին կամ շատ բարձրերը կատարուած թռիչքներուն պատճառով: Պատերազմէն ետք տոքթ. Արամ Կլորիկ կը նշանակուի լսողութեան բաժնի պետ՝ Ուոլթըր Ռիտ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Ուաշինկթըն, ուր միեւնոյն ատեն վարեց Ամերիկացի վեթերաններու լսողութեան կեդրոնը: Այս շրջանին Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի դասախօս կարգուեցաւ: