Հին հայկական արեգակնային օրացոյցը կազմուած էր 30 օրէ, 12 ամիսէ, եւ յաւելեալ ամիսէ մը, որ ունէր 5 օր: Այդ օրացոյցը հաւանաբար սկսած է օգտագործուիլ մեր թուականէն քանի մը հարիւր տարի առաջ: Թէ աւելի հին շրջաններուն ի՛նչ տեսակ օրացոյց գործածած են Հայաստանի բնակիչները, ծանօթ չէ մեզի: Այսուհանդերձ, կարգ մը տեղեկութիւններ կարելի եղաւ ունենալ, երբ հնագիտական պեղումներու ընթացքին գտնուեցաւ շատ հետաքրքրական գօտի մը՝ 96,5 ս.մ. երկարութեամբ եւ 15 ս.մ. լայնութեամբ: Գօտին, որ անագապղինձէ պատրաստուած է, գտնուեցաւ 1946ին, Սանահին գիւղին մէջ: Այս գօտիին վրայ փորագրուած են եռանկիւններ, շեղանկիւններ եւ կէտեր: Երեք քառակուսիներու մէջ կան ձիեր, ինչպէս նաեւ՝ արեւի, լուսնի եւ թռչուններու նկարներ: Ձիերը 12 հատ են, բաժնուած՝ երեք խումբի: Լուսնին երկու մանգաղները շրջապատուած են 14ական կէտերով: Եռանկիւնները 24 հատ են, պարոյրները՝ 236, իսկ կէտերը՝ 118: Այսինքն՝ ընդամէնը կան 354 պարոյրներ եւ կէտեր: Շեղանկիւնները բաժնուած են չորս խումբի, երկուքը՝ վեցական, միւս երկուքը՝ եօթնական: Դժուար չէ նկատել, որ այս թիւերը պատահական թիւեր չեն, այլ սերտ կերպով կապուած են լուսնային օրացոյցին հետ: Անգլիացի գիտնական Վ. Օլքոտ, հիմնուելով Մաունտերի եւ Շվարցի հետազօտութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնասիրելով աստղալից երկինքին պատկերացումը հին ժամանակներուն, կու գայ այն եզրակացութեան, թէ համաստեղութիւններու եւ աստղային երկինքին սկզբնական պատկերացումին հայրենիքը կրնայ ըլլալ Փոքր Ասիան եւ Հայաստանը, մասնաւորապէս՝ Արարատ լերան մօտիկ շրջանները: Հայկական լեռնաշխարհին մէջ մօտ երեք հազար  տարի առաջ ապրող բնիկները, աստղագիտական բարձր մշակոյթին հետ, պէտք էր ունենային բաւականին զարգացած օրացոյց մը: Այս շրջանին եւ այլ երկիրներու հին օրացոյցներուն ուսումնասիրութիւնը կը բերէ այն եզրակացութեան, որ Քրիստոսէ շուրջ հազար տարի առաջ հայկական լեռնաշխարհին մէջ օգտագործուած է լուսնա-արեգակնային օրացոյցը: Տարին կազմուած էր 12 լուսնային ամիսներէ եւ պարուակած է 351 օր: Տարին կը սկսէր գրեթէ գարնան հետ: Եւ որպէսզի չխախտի այս կարգը, ժամանակ առ ժամանակ աւելցուցած է ամիս մը: Տարին բաժնուած էր երեք եղանակներու: Շաբաթը ունեցած է եօթը օր: Շաբթուան օրերը  կրած են լուսնին, արեւին եւ աչքով տեսանելի հինգ մոլորակներուն անունները:     Բ. Թ.