Իրաքեան գլխաւոր թերթերէն մէկը՝ «Սաութ Արապ» կը համեմատէ Ինտոնեզիոյ մէջ համայնավարներուն կատարած վայրագութիւնները Իրաքի մէջ կատարուածին հետ, Քասըմի իշխանութեան ժամանակ: «Համայնավարները նոյնն են, ո՛ւր որ ալ ըլլան եւ ի՛նչ ժամանակի մէջ ալ գործեն», կը գրէ «Սաութ Արապ»: Օրաթերթը Ինտոնեզիոյ սպանութիւնները կը համեմատէ 1959ին համայնավարներուն կողմէ կազմակերպուած Մուսուլի եւ Քերքուքի վայրագութիւններուն հետ: «Ինտոնեզիոյ Սեպտեմբեր 30ի դէպքերը սարսափելի ոճիրներու եւ սպանութիւններու: Այնպիսի սարսափելի ոճիրներու, որոնք կրնան գործուիլ միայն այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնց սիրտը քարի նման կարծրացած է»: «Սեպտեմբեր 30-ի ոճրագործները սպաննեցին ծերեր, կիներ եւ երեխաներ… «Ժողովուրդը ամէն տեղ սկսաւ հետաքրքրուիլ ոճրագործներուն ինքնութեամբ: Այնպէս դուրս եկաւ, որ անոնք համայնավարներ էին եւ կը գործէին «ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ խաղաղ գոյակցութիւն» անուններուն տակ… «Ամէն մարդ կը յիշէ, թէ ի՛նչ վայրագութիւններ գործեցին այս գազանները մեր սիրելի երկրին մէջ… «Նման ոճիրներ պատմութիւնը տակաւին չէր արձանագրած: Մուսուլի եւ Քերքուքի հերոսական քաղաքներուն մէջ պատահեցան սպանութիւններ, մարմիններու քաշուըրտուք, խաչելութիւններ, ելեկտրական ցիցերու վրայ սպանութիւններ, հրկիզումներ, քանդումներ եւ փճացումներ: Ոչ մէկ խնայում կատարուեցաւ: Սպաննուեցան երեխաներ, մանուկներ, ծերեր, հիւանդներ: Ամբողջ ընտանիքներ ջնջուեցան: Քերքուքի եւ Մուսուլի կանաչ դաշտերը կարմիր արեամբ ներկուեցան: «Նոյն բանը անոնք կատարեցին հնդկական խաղաղ Քերալա նահանգին մէջ: Պուլկարիոյ մէջ 1944ին համայնավարները սպաննեցին հազարաւորներ: «Նոյն բանը պատահեցաւ նաեւ Քուպայի եւ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կրցան տարածել իրենց թաթը: «Այսօր դարձեալ կը տեսնենք զանոնք Ինտոնեզիոյ մէջ. այն երկրին, որ ապստամբելու վրայ է ընդդէմ կայսերապաշտութեան, աղքատութեան եւ յետամնացութեան»: