Այս տարի եւս Ժողովրդային Չինաստան չկրցաւ մուտք գործել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս: Ամերիկացիք անգամ մը եւս արժեցուցին իրենց խօսքը՝ Մանհաթընի երկնաքերին դռները փակելով Փեքինի առջեւ: Բայց նկատելի է, որ Չինաստան հետզհետէ կը մօտենայ: Առնենք երեք թուական՝ 1953, 1959 եւ 1965, իրարմէ վեց տարի

Թրքական Ծերակոյտին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութեան պետ պրն. Սըտգը Ուլայ պահանջեց, որ նախահաշուին մէջ արձանագրուին որոշ վարկեր, որոնք հաւանաբար պէտք պիտի ըլլան մասնակի զօրակոչի մը ատեն, որովհետեւ ըսաւ, դէպքերը՝ Յունաստանի հետ ընդհանուր պատերազմի մը կþառաջնորդեն մեզ։ Պրն. Ուլայ ըսաւ.¬ «Յունաստան կը գրգռէ։ Եգէականի

- Աթէնքի մէջ Նէա Զմիռնի արուարձանին մէջ, վերջերս Իզմիրի Առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Սրբազանի անդրիին զետեղումը՝ բուռն հակազդեցութեանց տեղի տուաւ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք Վարչապետ պրն. Տեմիրել, տխմարութիւն եւ հելլէնեւթուրք բարեկամութեան անվայել արտայայտութիւն որակեց անդրիի բացման առթիւ արտասանուած ճառերը։ Իսկ Ազգային

Երեքշաբթի՝ 9 Նոյեմբեր, ժամը 10:00ին, բերնէ բերան լեցուած էր Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնը: Սորպոն՝փառահեղ հանդիսութեամբ մը կը մեծարէ Վիկտոր Համբարձումեանը։ Հազուադէպ էր տեսնել այսքան բազմութիւն. պատշգամ, վերնատուն, հսկայ սրահին բոլոր բաժինները՝ լեցուած: Ընդարձակ բեմին վրայ, որ դարձած էր մարդկային իմացականութեան Ողիմպոսը, տեղ

- Պուէնոս Այրէսի «Գլարին» օրաթերթը կը գրէ.¬ «Օր մը եւ հինգ ձայներ», այս է բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հատորը երիտասարդ քերթողուհիի մը՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի, որուն գիրքը նկարազարդուած է անուանի նկարիչներ՝ Տեմեթրիօ Ուրրուչուայի, Շարիօ Կրանտիի, Ալպերթօ Պրուսոնէի եւ Էնրիքօ Փոլիքասթրոյի կողմէ։ Գրական այս երկը հանրութեան կը ներկայացուի