Խումբ մը ֆրանսահայ սբօսաշրջիկներ Սպանիա գացած եւ այցելած են Սան Սեպաստիան քաղաքը։ «Ունիտատ» թերթը այս առթիւ գրած է.¬ «Ֆրանսահայերու խումբին պետը յայտարարեց՝ թէ կը ճանչնան ամբողջ Սպանիան ու շատ լաւ տպաւորուած են սքանչելի հիւրասիրութենէն։ Հայերու կէսը կը բնակի մայր հայրենիքին մէջ ու միւս կէսը՝ ցրուած աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ Ուրիշ մը յայտարարեց՝ թէ ատենօք հայ տարագիրներ հաստատուած են Սպանիոյ Պասքեան շրջաններուն մէջ։ Կիլիկիոյ վերջին թագաւորը՝ գերութենէ ազատեցաւ սպանացի թագաւորի մը միջոցով ու բնակեցաւ Մատրիտ։ Ներկայիս հայեր կը բնակին Մատրիտ, Օվիէտօ, Պարչելոնա եւ Վալենցիա։ Փրատոյի թանգարանին մէջ կը գտնուին Յովհաննէս Այվազովսկիի նշանաւոր նկարներէն մէկ քանին։ Երրորդ մը յայտարարեց, ¬ «մենք կը սիրենք սպանիացի ժողովուրդը, որ շատ կը նմանի հայ ժողովուրդին, մանաւանդ քաջութեան ու կրօնական զգացումներու տեսակէտով»։
Ֆրանսահայ նկարիչ Թորոսեան Մարսիլիոյ Աթըլիէ Սեզանի մէջ, Նոյեմբեր 3ին բացած է իր գործերու ցուցահանդէսը։ Ծանօթ քննադատներ, գնահատելով հայ նկարիչին արուեստը՝ գրած են.¬ «Թորոսեան պաստառին կը վստահի իր երազները։ Վասնզի գիտէ՝ որ մարդուս խորը կայ մելամաղձոտութիւն մը, որ չարտայայտուիր...։ Գոյները, իրեն համար, ներքին պատգամի մը գործիքներն են, զորս կþուզէ միայն թելադրել դիտողին»։ Ուրիշ մը գրած է.¬ «Լիբանանէն Մարսիլիա՝ Թորոսեան միշտ իր տան մէջ է, չի հեռանար Միջերկրականէն եւ այդ ծովը, որ իրն է, չէ՞ր նաեւ Աստղիկի օրօրանը»։