- Արդիւնաբերութեան զարգացումը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ելեկտրուժի արտադրութեան յաւելումը: Հայաստանի մէջ ներկայիս կը գործեն քանի մը տասնեակ մեծ ու փոքր ջրելեկտրակայաններ: Միայն Սեւան-Հրազդան ջրելեկտրակայաններու շարքը կ՛արտադրէ հինգ հարիւր յիսուն հազար քիլովաթ ելեկտրուժ: Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ են ելեկտրուժի արտադրութեան նոր աղբիւրներ: Այս պատճառով 1961էն սկսեալ աշխատանքներ կը տարուին Որոտան գետին (Զանգեզուր) վրայ նոր ջրելեկտրակայաններ հիմնելու համար: Հսկայ ուժ մըն է այս գետը, հարստութիւններու նոր աղբիւր մը: Շինուելիք երեք ջրելեկտրակայանները Հայաստանի պիտի տան չորս հարիւր հազար քիլովաթ ելեկտրուժ (Սպանդարեանինը՝ 82 հազար, Շամբինը՝ 161 հազար, իսկ Տաթեւինը՝ 158 հազար): Այս ջրելեկտրակայանները իրենց մեծ ջրամբարներով ոչ միայն պիտի օգնեն, որ պահպանուի Սեւանի մակարդակը, այլեւ պիտի ոռոգեն տասնեակ հազարաւոր հեկտար անջրդի հողեր:
- Փրոֆ. Յ. Ճ. Սիրունի, որ ներկայիս Երեւան կը գտնուի, գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին նուիրեց Դ. Վարուժանի ձեռագիր տետրակը, որ կը պարունակէ բանաստեղծին խորհուրդները սկսնակ գրողներուն, կարծիքները Ալ. Շիրվանզադէի, Սիամանթոյի, Ա. Չօպանեանի, Ալ. Ծատուրեանի եւ ուրիշ գրողներու գործերուն մասին: