- Փրաւտա թերթը հրատարակած է յօդուած մը, ուր խօսքը իտալացիներուն ուղղելով կþըսէ՝ թէ Մ. Նահանգներու քաղաքականութեան անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնիլը կրնայ ճակատագրական ըլլալ իրենց երկրին համար։ Կը թելադրէ՝ որ Իտալիա, իր արտաքին քաղաքականութիւնը պատշաճեցնէ զօրավար Տը Կոլի քաղաքականութեան։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը սկսաւ քննել Չինաստանը Մ.Ա.Կ.ի մէջ ընդունելու հարցը։ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ պրն. Կոլտպէրկ այս մասին խօսեով ըսաւ՝ թէ Չինաստանի մուտքը միջազգային կազմակերպութեան մէջ, պիտի խախտէ անոր հիմերը, ու պիտի նշանակէ՝ թէ Մ.Ա.Կ.ը տեղի տուաւ անոր սպառնալիքներուն առջեւ։ Ըսաւ՝ որ տուեալներ կան, թէ Չինաստան Միացեալ Ազգերը կը նկատէ թշնամի երկիր մը, զոր պէտք է փճացնել։ Աւելցուց՝ թէ գաղթատիրութեան եւ ծաւալապաշտութեան շրջանը անցած է։ Հետեւաբար, Մ.Ա.Կ.ի մէջ Չինաստանի մուտքը դէպի ետ քայլ մը պիտի ըլլայ ու պիտի նշանակէ քաջալերել իմփերիալիզմը եւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ բռնի ուժի ու պատերազմական քայլերու սկզբունքի ներմուծումը։ Ապա ըսաւ՝ թէ Համայնավար Չինաստանի մուտքը Մ.Ա.Կ.ի մէջ, դէմ է Մ.Ա.Կ.ի տիեզերական բնոյթին, տրուած ըլլալով, որ ան պիտի ձգտի Ազգայնական Չինաստանի հեռացման։ Նոյնպէս ըսաւ՝ թէ Չինաստան կը մերժէ Վիէթնամի եւ Քորէայի հարցերուն մէջ Մ.Ա.Կ.ի իրաւասութիւնները եւ դէմ է կազմակերպութեան բոլոր տեսակի գործունէութեանց, որոնց կարգին նաեւ կորիզային փորձերու մասնակի արգիլման շուրջ 1963ին գոյացած համաձայնութեան։ Վերջացնելով ըսաւ՝ թէ Չինաստան Մ.Ա.Կ.ի մէջ պիտի մտնէ զայն քանդելու եւ ոչ թէ շէնցնելու համար։ Գամպոճիի ներկայացուցիչ պրն. Սապաթ Միացեալ Նահանգները յարձակողական ազգ որակեց եւ Չինաստանի համար ըսաւ՝ թէ հանրապետական ու խաղաղասէր երկիր է։ Ազգայնական Չինաստանի ներկայացուցիչը շեշտեց՝ թէ Համայնավար Չինաստան Մ.Ա.Կ.ի անդամ դառնալով՝ ոչ միայն իր յարձակողական քաղաքականութենէն պիտի չհրաժարի, այլ նաեւ աղիտաւոր ազդեցութիւն պիտի գործէ միջազգային կազմակերպութեան մէջ։