- Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 48րդ տարեդարձը տօնուեցաւ մեծ շուքով ու զինուորական տողանցքով, որու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով՝ ցուցադրուեցան երկու հսկայ հրթիռ¬արբանեակներ, օժտուած՝ կորիզային կոներով։ Այս հրթիռ¬արբանեակները, «Թաս» գործակալութեան հաղորդագրութեան համաձայն, երկրագունդի որեւէ մէկ կողմը կրնան հարուածել որեւէ թիրախ։ Անցեալ Մայիս 1ին տեղի ունեցած տողանցքի ընթացքին ալ նման հրթիռներ ցուցադրուած էին, սակայն, այն ատեն ըսուած էր, թէ անոնք եռայարկ հրթիռներ էին միայն, գործունէութեան անսահման շառաւիղով, թէ կրնային կորիզային կոներ կրել։ Այս հրթիռներու երկարութիւնը՝ 36 մեթր է։ Հրթիռներու ուրիշ տեսակներ ալ ցուցադրուեցան տողանցքի ընթացքին։ Հրթիռները դրուած էին հրասայլերու նմանող կառքերու վրայ։ «Թաս» գործակալութեան համաձայն, այդ կառքերը, հրթիռի արձակման շարժական խարիսխներ են։ Տողանցքէն առաջ, պաշտպանութեան նախարար Մարաջախտ Մալինովսկի ճառ մը խօսելով՝ յարձակում գործեց «անգլեւամերիկեան իմփերիալիզմի» դէմ։ Մարաջախտը Վիէթնամի անդրադառնալով՝ ամբաստանեց Միացեալ Նահանգները, ըսելով թէ Հարաւային Վիէթնամի ժողովուրդին դէմ յարձակողական քայլերը կþաւելցնեն եւ Հիւսիսային Վիէթնամի դէմ օդանաւային բարբարոս յարձակումներ կը գործեն։ Եւրոպայի կացութեան եւս անդրադառնալով շեշտեց՝ թէ հոն ալ խաղաղութեան դէմ սպառնալիքները հետզհետէ կը շատնան, որովհետեւ, Արեւմտեան Գերմանիոյ փոխ¬վրէժական ղեկավարներ, արեւմտեան պետութեանց ղեկավարներու աջակցութեամբ իրենց ուժերը կը վերակազմակերպեն ու կորիզային զէնքերով զինել կը ջանան։

- Նախագահ Ճոնսըն ստորագրեց օրէնք մը, որուն հիման վրայ, երկու նոր թորփիլահալածներ պիտի տրուին Թուրքիոյ։ Նոյն օրէնքին հիման վրայ՝ երեք թորփիլահալածներ պիտի տրուին Պրազիլիոյ, երկու հատ՝ Արժանթինի, երկու սուզանաւեր՝ Իտալիոյ, պտուտակաթիռներու սաւառնակակիր մը՝ Սպանիոյ։