Վերջերս Հայաստան այցելեց պուլկար գրագէտ Վլատիմիր Նայտենով: Սոֆիա վերադարձին «Ռապրթնիչեսքօ Տելօ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայեց տպաւորութիւններու շարք մը: Ստորեւ՝ ակնարկներէն մէկը.- «Արարատ լեռը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն առանց անոր դժուար է պատկերացնել այդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Այս լեռը անզուգական զարդ մըն է, որուն հետ թերեւս կարելի է համեմատել միայն Ֆուճիյաման (Ճափոն) եւ մասամբ ալ՝ Վիտոշը…: Արարատը միայն մէկ պակասութիւն ունի. ա՛յն, որ անհասանելի է: Անոր ստորոտէն կ՛անցնի Խորհրդ. Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ երկարող պետական սահմանագիծը: Բայց հայերը հպարտ են Արարատով: Անոնց համար այդ սրբազան կատարները տեսակ մը խորհրդանիշն են իրենց հայրենիքին: Անշուշտ Հայաստան ունի ուրիշ բնական արժէքաւոր վայրեր ալ, որոնցմէ պէտք է յիշատակել Սեւանը, մեծ լիճ մը՝ տեղաւորուած ծովու մակերեսէն գրեթէ երկու քիլոմեթր բարձրութեան վրայ: … Հայաստան փոքր երկիր է թէ՛ տարածութեամբ, թէ՛ բնակչութեամբ, Պուլկարիոյ հազիւ մէկ քառորդին չափ: Բայց այս երկրին ժողովուրդը մէկն է ամէնէն հին մշակոյթի տէր ժողովուրդներէն. ես անձնապէս համոզուեցայ ատոր, երբ այցելեցի Մատենադարան, այն մեծ գանձարանը, ուր կը պահուին  հին գիրքեր եւ ձեռագիրներ: Հայ ժողովուրդը միջնորդի պատմական դեր կատարած է հին ու նոր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ: Բազմաթիւ հին գիրքեր մեզի հասած են ոչ թէ իրենց բնագիրներով, այլ՝ հայերէն թարգմանութեամբ: Եթէ չըլլար Հայաստանը, անոնք մարդկութեան համար ի սպառ կորսուած էին: Այսօրուան հայերը, բնական է, անպայման չեն կարդար Արիստոտելի «Ստորոգութիւն»ը, բայց մարդկային մշակոյթին տուած են Արամ Խաչատրեանի պէս երգահաններ, Մարտիրոս Սարեանի պէս նկարիչներ եւ Վիքթոր Համբարձումեանի պէս գիտնականներ: Միայն այս անունները բաւական են, որպէսզի աշխարհ յարգանքով վերաբերի այս փոքրիկ ժողովուրդին: Հայերը իրենց երկրին աշխարհագրական դիրքին համար շատ սուղ գին վճարած են. հրեաներէն եւ գնչուներէն ետք հազիւ թէ գտնուի ժողովուրդ մը, որ անոնց չափ անընդհատ եւ դաժան կերպով հալածուած ըլլայ: