- Աշխարհահռչակ հայազգի երգահան Արամ Խաչատուրեան սրտի կաթուած ունեցաւ Ժընեւ, երբ որ կը գտնուէր, եւ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Արամ Խաչատուրեան Ժընեւ կը գտնուէր Երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած 18րդ երաժշտական մրցումին իբրեւ գնահատիչ յանձնախումբի անդամ։ Դարմանող բժիշկները յայտարարեցին՝ թէ 62 տարեկան երգահանին

- Հայաստանի միջ-շրջանային թատրոնները աւարտած են իրենց ամառնային թատերաշըրջանը։ Ամառը՝ Արտաշատի տրամաթիկ թատրոնը շրջագայութեան ելած է Հիւսիսային Կովկասի կարգ մը հայաբնակ քաղաքներն ու շրջանները։ Կիրովականի Յովհաննէս Աբելեան տրամաթիկ թատրոնի խումբը յաջողութեամբ աւարտած է իր ամառնային շրջագայութիւնը Պաքուի, Թիֆլիսի,

- Սեպտեմբեր 18ին, Փարիզի հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է տաղանդաւոր երգահան Ժորժ Կառվարենցի եւ Այտա Ազնաւուրի պսակադրութեան Ս. Խորհուրդը, կնքահայրութեամբ՝ «Ամէնուն Տարեգիրք»ի հրատարակիչ¬խմբագիր ընկեր Կարօ Գէորգեանի։ Ներկայ եղած են՝ հայ եւ օտար բազմաթիւ հրաւիրեալներ, որոնց մէջ նաեւ արուեստի աշխարհի

- Աթէնքի մեծագոյն օրաթերթերէն «Էլէֆթերիա» կը գրէ.¬ «Լը Մոնտ» թերթը այսօր հրատարակած է Ազատ Հայաստանի տարագիր կառավարութեան վարչապետին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան կը պահանջէ, որ հանրաքուէ կատարուի Թուրքերու կողմէ գրաւուած Արեւելեան Հայաստանի մէջ, քանի որ Անգարա Գաշմիրի համար հանրաքուէի լուծումը կը պահանջէ։

- Վերջերս նշուած է Լենինականի թատրոնին հարիւրամեակը։ Թատերական արուեստը, հինէն ի վեր, մեծ նուաճումներ արձանագրած է եւ բազմաթիւ դերասաններ անուն եւ հռչակ հանած են Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Այս հարիւրամեակին առթիւ, լոյս ընծայուած է գրքոյկ մը, որուն նախաբանին մէջ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ Գ. Ղարիբջանեան կը