Աւանդութիւնը կþըսէ, թէ Ջրհեղեղէն փրկած իր միակ վազը Նոյ Նահապետ տնկած է Արարատեան դաշտին մէջ։ Կþերեւի թէ այդ պատճառով ալ կþըսեն, որ հայը եւ խաղողին որթատունկը միասին եկած են աշխարհ։ Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ խաղողագործութիւնն ու պտղագործութիւնը հին պատմութիւն ունին։ Ինչ կը վերաբերի մերձ-արեւադարձային

պտղաբուծութեան, թէ՛ հին եւ թէ նոր է։ Օրինակ՝ նուռը։ Ծանօթ է, որ նռնենին Հայաստանի մէջ մշակուած է դարեր առաջ։ Զուարթնոցի աւերակներու մէջ գտնուած քանդակներու վրայ կան նաեւ նռնենիի ոստեր, իսկ զանազան վայրերու մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին գտնուած են նոյնպէս նռնենիի ածխացած ծաղիկներ եւ պտղատերեւի մնացորդներ։ Այժմ Հայաստանի մէջ նռնենին կþաճի հարաւ¬արեւելեան եւ հիւսիս¬արեւելեան շրջաններու՝ ծովու մակերեսէն մինչեւ հազար մեթր բարձրութեան վրայ։ Նռնենին հետզհետէ կը տարածուի նաեւ ուրիշ շրջաններու մէջ։ Մերձ-արեւադարձային պտղաբուծութիւնը դրուած է գիտական հիմերու վրայ։ Տասնեւհինգ տարիէ ի վեր Գիտութիւններու Ակադեմիայի այգեգործութեան եւ պտղաբուծութեան հիմնարկութիւնը կը զբաղի այդ պտուղներուն ընտրութեամբ եւ մշակութեամբ։ Հայաստանի պայմաններուն մէջ նռնենին շուտ կը պտղաբերի ու բարձր ու կայուն բերք կուտայ նոյնիսկ քիչ խնամքի եւ մշակութեան պարագային։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտան, որ Հայաստանի հիւսիս¬արեւելեան շրջաններու մէջ կլիմայական պայմանները թոյլ կուտան մշակելու նուշ, թուզ, ձիթապտուղ եւ մերձ-արեւադարձային  ուրիշ մշակոյթներ։ 1950էն ի վեր աշխատանքները կը կատարուին այդ ուղղութեամբ։ Մերձ-արեւադարձային մշակոյթներէն նոր է նաեւ թուզը։ Այդ համեղ պտուղը արդէն իր ուրոյն տեղը կը բռնէ հիւսիս¬արեւելեան շրջաններու պտղաբուծութեան մէջ։ Հայաստանի պայմաններուն մէջ բաւական դժուար է ձիթապտուղի մշակութիւնը։ Սակայն, տարիներու գիտական հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ երկրին հիւսիս¬արեւելեան շրջաններուն մէջ ձիթապտուղը կրնայ պատշաճ տեղ մը գրաւել։