Աւանդութիւնը կþըսէ, թէ Ջրհեղեղէն փրկած իր միակ վազը Նոյ Նահապետ տնկած է Արարատեան դաշտին մէջ։ Կþերեւի թէ այդ պատճառով ալ կþըսեն, որ հայը եւ խաղողին որթատունկը միասին եկած են աշխարհ։ Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ խաղողագործութիւնն ու պտղագործութիւնը հին պատմութիւն ունին։ Ինչ կը վերաբերի մերձ-արեւադարձային

Արեւմտեան թերթերու առաջին թղթակիցները մեկնեցան դէպի Փակիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութեանց շրջանները, ուրկէ ղրկած իրենց նկարագրականներուն մէջ կþըսեն՝ թէ հազարաւոր դիակներ փռուած կը մնան Հնդիկ¬Փակիստանեան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։ Դիակներէն շատեր ծակծկուած են սուիններու

- Տաուշ գետի ձախ ափին գտնուող Շամշատինի պետական տնկարանը, որ քանի մը տարի առաջ խոպան էր, այժմ արդէն սկսած են աճիլ տեսակ-տեսակ պտղատու ծառեր: 2500 քառ. մեթր մակերեսով ջուրի աւազանը կարելիութիւն կու տայ ոռոգելու ամբողջ պարտէզը: Վաղահաս դեղձի ծառերը կը գրաւեն հինգ հեկտար տարածութիւն: Խնձորենիները, թզենիները, նոճիները

- Անցեալին՝ փոքրիկ տնակներով ծուռ ու մուռ, կեղտոտ փողոցներով գիւղ մըն էր Ղարաքիլիսան։ Ներկայիս, Սիսիան անունին տակ դարձած է գեղեցիկ աւան մը։ Դպրոցականներու թիւը կþանցնի երկու հազար չորս հարիւրը։ Կան մանկապարտէզ, նախակրթարան, երաժշտանոց, ինչպէս նաեւ հիւանդանոց, մշակոյթի տուն եւ, անշուշտ, արհեստանոցներ։ Տարիներու ընթացքին

- Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակին առթիւ, Մեծ Եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող կոթողի մը կառուցման համար Շինարարութեան Պետական Կոմիտէին, Երեւանի Քաղաքային Խորհուրդի Գործադիրին, ինչպէս նաեւ Ճարտարապետներու Միութեան կողմէ կազմակերպուած մրցմումը վերջացած է։ Ներկայացուած բոլոր գործերուն մէջէն ժիւրին նախապատուութիւն տուած է