- Հայաստանի լրագրողներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի «Լրագրողներու տան» մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ Սերգէյ Սմիռնովի հետ հանդիպման հաւաքոյթ: Անոր «Պրեսթի ամրոցք» գիրքը կը բացատրէ, մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած, հայ ժողովուրդի հեքիաթային հերոսներու մարտնչումը, վերջին պատերազմի ընթացքին, պաշտպանելու համար Պրեսթի ամրոցը: Գրագէտը իր ճառին մէջ յարգանքի եւ գնահատութեան ջերմ խօսքեր ուղղեց ներկաներուն մէջ գտնուող Պրեսթի հերոսներէն Սամուէլ Մաթէոսեանի, Սօս Նուրիջանեանի եւ Արծուիկ Աղակիւլեանի: Այս առթիւ ներկաները եւս ջերմութեամբ ողջունեցին Պրեսթի խիզախ պաշտպանները: Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Եդ. Թոփչեան գրագէտ Սմիռնովին յանձնեց Մարտիրոս Սարեանի մէկ կտաւը, որ ընդունուեցաւ յուզումով եւ շնորհակալութեամբ:
- Լիբանանի աթլեթի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն կոտրուեցաւ Լիբանանի մրցանիշ մը: ՀՄԸՄական մարզիկ Զեփիւռ Գասապեան 80 մեթր արգելարշաւը վազեց 15 երկվայրկեան 8/10էն: Նախկին մրցանիշն էր 17 վայրկեան 7/10 եւ կը պատկանէր Մարսել Ապի Նատերի: Նոյն մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ Տալալ Նասսար (Գ. Ս.), երրորդ՝ Մարի Գալփաքեան (ՀՄԸՄ):