50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Արեւմտեան թերթերու առաջին թղթակիցները մեկնեցան դէպի Փակիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութեանց շրջանները, ուրկէ ղրկած իրենց նկարագրականներուն մէջ կþըսեն՝ թէ հազարաւոր դիակներ փռուած կը մնան Հնդիկ¬Փակիստանեան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։ Դիակներէն շատեր ծակծկուած են սուիններու հարուածներէն։ Դիակներու քովն ի վեր կը տեսնուին բազմաթիւ փճացած հրասայլեր։ Միւս կողմէ, Հնդկաստանի կառավարութիւնը հրատարակութեան տուաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որով կը հաղորդէ՝ թէ չինական ուժերը ետ քաշուած են Թիպէթի մերձակայ այն բոլոր դիրքերէն, զորս գրաւած էին վերջին մէկ քանի օրերու ընթացքին։ ՄԱԿի դիտողները ճերմակ ճիփերով սկսան շրջիլ Հնդկաստանի եւ Փակիստանի ուժերուն միջեւ գտնուող «մեռեալ գօտի»ին մէջ։ Հնդկաստանի զինուորական սպասարկութիւններ, Մ.Ա.Կ.ի դիտողներու ներկայութեան եւ ճերմակ դրօշակներ բռնած՝ սկսան հաւաքել իրենց զինուորներու դիակները։ Փակիստանցիք կþըսեն՝ թէ Հնդիկները այս պատրուակով ականներ զետեղեցին չէզոք գօտիին մէջ։ Իսկ Հնդիկներն ալ կþըսեն՝ թէ փակիստանեան ուժեր կրակը դադրեցնելու համաձայնութիւնը բռնաբարած եւ հնդկական սահմաններէն ներս մտած են։ Հնդկական ուժեր վրայ հասած եւ զանոնք ետ մղած են։ Վարչապետ պրն. Շասթրի յայտարարեց՝ թէ Հնդկաստան Մ.Ա.Կ.ի դիտողներուն մօտ բողոքած է Փակիստանցիներուն դէմ։ Հնդկական ուժերը, Լահորի շրջանին մէջ, Հարէքէ¬Պուրկի գծին վրայ, Փակիստանցիներու դիրքերը ռմբակոծած են։ Փակիստանցի ներկայացուցիչ մը յայտարարած է, թէ հնդկական ուժերը կրակը դադրեցնելու համաձայնութեան կնքումէն ետք զայն բռնաբարած են։ Գաշմիրի արտաքին գործոց նախարար պրն. Ալի Զուլֆիքար Պութօ յայտարարեց՝ թէ Փակիստան մտադիր է Գաշմիրի հարցը Մ.Ա.Կ.ի Ընդհ. Ժողովին ներկայացնել եւ գոհացում չգտնելու պարագային ՄԱԿէն հեռանալ։