- Երեւանի «Լոյս» հրատարակչականը դպրոցական տարեմուտին առթիւ հրապարակ հանած է հարիւր տեսակ դասագիրքեր՝ չորս միլիոն օրինակ ընդհանուր տպաքանակով։ Մանկապարտէզներու համար հրատարակած է բազմագոյն այբբենարան մը։ Հայաստանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կէս միլիոնի կը հասնի։
- Էջմիածնի Կաթողիկոսը՝, Վեհ. Վազգէն Ա. Վենետիկի Մխիթարեան վանքին նուիրած էր սեւ կրանիթէ խաչքար մը, փայլուն մարմարով շրջանակուած, զարդաքանդակուած՝ արմաւենիի ճիւղերով։ Խաչքարը զետեղուած է եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագէն ետք, որ մատուցուած է ի յուշ Ապրիլեան նահատակներուն, բացումը կատարուած է Խաչքարին, ի ներկայութեան վանական հայրերու եւ ազգայիններու։ Խօսած է Հայր Վահան Վրդ. Յովհաննէսեան, որ ըսած է.- «Խաչքարը եկած է Հայաստանէն, վերստին պատկերացնելու համար մեր դարաւոր պատմութիւնը։ Խաչը եղած է մեր արքաներուն թագին զարդը, մեր զինուորականներու կուրծքին շքանշանը, դէպի երկինք թռչող մեր եկեղեցիներուն սլաքը։ Անոր շուքին տակ, շարունակ պաշտպաներ ենք մեր անունը, մեր հաւատքն ու մշակոյթը։ Ո՞վ կարող է խլել մեզմէ՝ այս փառքը»։
- «Հայաստան» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Մատթէոս Զարիֆեանի գործերու հաւաքածոն: Առաջին անգամ է, որ Հայաստանի մէջ հրապարակ կþելլէ վաղամեռիկ բանաստեղծին քերթուածներու հաւաքածոն: