Փորթ տը Վէրսայլի մէջ տեղի ունեցած Գիրքի 32րդ միջազգային սալոնին՝ Հայաստան կը մասնակցէր 5րդ անգամ ըլլալով:
Հայաստանի մշակոյթի փոխ-նախարարուհին՝ Արեւ Սամուէլեան, որ կը գլխաւորէր հայրենի պատուիրակութիւնը եւ ներկայ էր տաղաւարին, բացատրեց, թէ Հայաստանի 5րդ մասնակցութիւնն է, սակայն երկրորդ անգամ ըլլալով հայկական ներկայութիւնը կը կազմակերպուի ֆրանսահայ հրատարակիչներու հետ գործակցաբար:
Ան ընդգծեց, թէ այս տարուան մասնակցութիւնը յատուկ իմաստ կը զգենու կարեւոր երկու իրադարձութիւններու՝ հայկական տպագրութեան 500ամեակին եւ Երեւանի՝ «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» նշանակուելուն պատճառով: Արդէն տաղաւարը շրջապատող մեծ ազդերն ալ կը ծանուցէին անոնց մասին: Ան ըսաւ, թէ Արժանթինի մշակոյթի նախարարը այցելած էր հայկական տաղաւար: Գիրքի նախորդ համաշխարհային մայրաքաղաքը Պուէնոս Այրէսը ըլլալով՝ Ապրիլ 22ին, Արժանթին պաշտօնապէս պիտի յանձնէ «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք»ի տիտղոսը Երեւանին: Երեւան ալ, իր կարգին, գալ տարի զայն պիտի յանձնէ Պանկքոքի:
Փոխ-նախարարուհին բացատրեց, թէ իրադարձութիւնը, բացի միջազգային վաղանցիկ իր տարողութենէն, կարեւոր է նաեւ այն իմաստով, որ շարժառիթ հանդիսացած է մնայուն բազմաթիւ ձեռքբերումներու: Այս առիթով վերանորոգուած են շէնքեր, բարեկարգուած են դիւաններ եւլն.:
Շաբաթ՝ Մարտ 17ի իրիկուան, տաղաւարը վայելեց Շառլ Ազնաւուրի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի: Փոխ նախարարուհին, անուանի այցելուն հիւրասիրելով, իրեն ներկայացուց նոր հրատարակութիւններ, յանձնեց բազմաթիւ նուէրներ: