Այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով փութացած էին Անթիլիասի մայրավանքը հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու Քրիստոսի թափօրով Երուսաղէմ մուտքի տօնը:

Արդարեւ, տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքին մէջ ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու օր: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց այս երեւոյթը՝ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մանուկներու յատուկ թափօր կազմակերպելով եւ մանաւանդ հայ մանուկները իրենց ծնողներով ընդունելով վեհարանին մէջ ու անոնց բաշխելով իր հայրական օրհնութիւնը:
Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին Ծաղկազարդի սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ հարիւրաւոր մանուկներու կողքին: Օրուան պատարագիչն էր Նորայր եպս. Աշըգեան: Դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ սաներուն հետ միասին մեր մանուկները մաս կազմեցին աւանդական թափօրին, զոր կը գլխաւորէր պատարագիչ սրբազանը:
Թափօրի աւարտին, վեհափառը վեհարանի պատշգամէն իր խօսքը ուղղելով մայրավանքի շրջափակը լեցուցած մանուկներուն ու ծնողներուն ըսաւ. «Ի՛նչ հոգեպարար երեւոյթ է սա՝ տեսնել ուրախութեամբ համակուած մեր հարիւրաւոր մանուկները, որոնք հաւատքի մղումով դիմաւորելու եկած են Քրիստոս: Վստահ եմ, որ Աստուծոյ Որդին կը հրճուի ի տես հաւատքի այս գեղեցիկ արտայայտութեան: Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին: Իր հաւատքի զօրութեամբ ան ապրած ու ստեղծագործած է եւ գոյատեւած պատմութեան փոթորիկներուն մէջ»: Վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն մեր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով կրթելու մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբութիւն է, որովհետեւ անիկա որոշ իմաստով եկեղեցի է, դպրոց է եւ հայրենիք: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է հայ ընտանիք կազմենք. ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ծնողները պէտք է իրենց առաքելութիւնը կատարեն‘ դաստիարակելով իրենց զաւակները:
Վեհափառին խօսքէն ետք պատարագը շարունակուեցաւ, ապա մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին վեհարան բարձրացան՝ ստանալու համար վեհափառին օրհնութիւնը: