Այս տարի բացառիկ տօնախմբութեան վերածուեցաւ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթ-հաւաքը, որը նուիրուած էր նոր կառուցուելիք մարզասրահի շինարարական աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» հիւրանոցի շքեղ հանդիսասրահին մէջ, ներկայ էին աւելի քան 300 ծնողներ ու հիւրեր, որոնց կարգին՝ Կլենտէյլի քաղաքապետուհի Լորա Ֆրիտման, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Տէյվ Ուիվըր, Ռաֆֆի Մանուկեան ու Արա Նաճարեան, որոնք իրենց անվերապահ պաշտպանութիւնը ցուցաբերեցին մարզասրահի շինարարական արտօնագրի վաւերացման:
Բեմ հրաւիրուեցաւ մարզասրահի դրամահաւաքի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Հինտոյեանը, որ անդրադառնալով վարժարանէն ներս մարզասրահ մը կառուցելու անհրաժեշտութեան, ուրախութիւն յայտնեց, որ աշակերտները յետայսու հնարաւորութիւն պիտի ունենան մարմնամարզութեան դասապահերուն եւ մարզական արտադասարանային վարժանքներու ժամանակ լիարժէքօրէն վայելելու արդիական սարքաւորումներով ու յար- մարանքներով օժտուած այս նոր մարզասրահը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանը՝ իր խորազգաց երախտագիտութիւնը յայտնելով ծնողներուն, հիւրերուն, ծնողաօժանդակ մարմնին, մարզասրահի նախագծման ու դրամահաւաքի յանձնախումբերին, անցնող տարիներուն իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին եւ անվերապահ աջակցութեան համար:
Ճաշկերոյթ-հաւաքը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, հանգանակելով աւելի քան 250.000 տոլար: